Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման Տօնը Ախալցխայի Մէջ

Սփիւռք

Կիրակի՝ 18 Օգոստոսին, Հայ Առաքելական Ուղղափառ Սուրբ Եկեղեցին տօնեց 5 տաղաւար տօներէն 4-րդը՝ Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխումը, Խաղողօրհնէքը։ Այս մասին կը յայտնէ Akhaltskha.net-ը։

Տօնին ընդառաջ, Ախալցիխէյի շրջանի Ղուլալիս գիւղի Սբ. Աստուածածին մատուռին մէջ, հանդիսապետութեամբ Ախալցիխէյի յարակից շրջաններու հոգեւոր հովիւ՝ Արժանապատիւ Տէր Թորգոմ քահանայ Վարդանեանի, մատուցուեցաւ Սրբալոյս պատարագ։

Ընթացս Սբ. Պատարագի՝ Արժ Տ Հայրը յաւուր պատշաճի մեկնեց տօնին խուրհուրդը։

Սբ. պատարագի աւարտէն ետք կատարուեցաւ խաղողի օրհնութեան կարգ, որուն յաջորդեց մատաղի օրհնութիւն։

Մատաղը տրուեցաւ մատուռը կառուցած եւ մշտապէս անոր խնամքը ստանձնած բարերար՝ Ռոպերթ Յարութիւնեանի եւ Յարութիւնեան ընտանիքին կողմէ, որոնք ներկայ էին տօնին։

Հոգեւոր Տեսչութիւնը իր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ Յարութիւնեան ընտանիքին մշտապէս Եկեղեցւոյ կողքին ըլլալու համար։