Եւրոպան Պէտք է Դադրեցնէ Համագործակցութիւնը Հակաժողովրդավարական Թուրքիոյ Հետ. Գերմանիոյ Պատգամաւոր

Աշխարհ, Էրկիր

Այժմեան Թուրքիոյ Վան, Տիգրանակերտ եւ Մարտին քաղաքներու քաղաքապետներու պաշտօնանկութեան որոշման դէմ ուղղուած քննադատութիւնները կը շարունակուին։ Եւրոմիութեան շարք մը պաշտօնեաներ հանդէս եկած են թրքական իշխանութիւններուն այդ քայլը դատապարտող յայտարարութիւններով։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով dw.com.tr-ը։

ԵՄ արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով պատասխանատուի խօսնակ Մայա Գոսեանչիչը թեմային վերաբերեալ «Twitter»-ի վրայ կատարած է հետեւեալ գրառումը․ «Տիգրանակերտի, Վանի եւ Մարտինի քաղաքապետեր Սէլչուք Մըզրաքլըի, Պետիա Օզկէոքչէ Էրթանի եւ Ահմեթ Թիւրքի պաշտօնանկութիւնը լուրջ մտահոգութիւն կ՝առաջացնէ, քանի որ կասկածի տակ կը դնէ Մարտ 31-ի ընտրութիւններու ժողովրդավարական արդիւնքներուն նկատմամբ յարգանքը»։

Գոսեանչիչ ընդգծած է, որ Թուրքիան ունի ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու օրինական իրաւունք, բայց ատիկա պէտք է կատարուի սահմանադրութեան եւ միջազգային պայամանգրերով ամրագրուած իրաւունքի ու ազատութիւններու ծիրէն ներս։

Գերմանիոյ դաշնային խորհրդարանի պատգամաւոր Կէոքա Աքպուլութ Թուրքիոյ ընդդիմադիր «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութեան (ԺԴԿ-HDP) աջակցելու եւ իշխող կուսակցութեան դէմ համատեղ պայքար մղելու կոչ ըրած է․

«Թուրքիոյ կառավարութիւնը մէկ անգամ եւս ի ցոյց դրաւ, թէ որքան հեռու է ժողովրդավարութենէն։ Եւրոպան պէտք է դադրեցնէ համագործակցութիւնը հակաժողովրդավարական Թուրքիոյ հետ»,- գրած է պատգամաւորը Twitter-ի վրայ։

Գերմանիոյ խորհրդարանի փոխնախագահ Գլաուտիա Ռոթ նոյնպէս քննադատած է քաղաքապետներու փոխարէն հոգաբարձուներու նշանակումը․

«Այս որոշումը մէկ անգամ եւս ցոյց կու տայ, որ Թուրքիոյ մէջ կ՝ոչնչացուին ժողովրդավարութեան եւ իրաւական պետութեան վերջին մնացորդները»,- յայտարարած է Ռոթ։

Աւելցնենք, որ քաղաքապետներու պաշտօնանկութեան որոշումը դատապարտած էին նաեւ Թուրքիոյ նախկին նախագահ Ապտուլլահ Գիւլը եւ նախկին վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուն՝ իշխանութիւններուն այդ որոշումը որակելով իբրեւ հակաժողովրդավարական։

Պոլսոյ եւ Իզմիրի քաղաքապետերը եւս թեմային վերաբերեալ քննադատական գրառում կատարած են։ Ըստ Էքրեմ Իմամօղլուի՝ քաղաքապետերու պաշտօնանկութեան որոշումը ոչ մէկ աղերս ունի ժողովրդավարութեան հետ եւ անընդունելի է։ Իսկ ըստ Իզմիրի քաղաքապետ Թունչ Սոյերի՝ այս որոշումով ոտնահարուած է ժողովուրդին կամքը։

Նախօրէին Տիարպեքիրի, Վանի եւ Մարտինի քաղաքապետերու պաշտօնանկութեան դէմ արտայայտուած էին նաեւ Եւրոխորհրդարանի պատգամաւոր, Թուրքիոյ հարցերով զեկուցող Քեթի Փիրին, Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը, Թուրքիոյ ընդդիմադիր կուսակցութիւններու այլ ներկայացուցիչներ։

Իսկ Թուրքիոյ նախագահականէն նոյնպէս թեմային վերաբերեալ Twitter-ի վրայ գրառում եղած է, ըստ որուն՝ երեք քաղաքապետերուն պաշտօնանկութիւնը եւ հոգաբարձուներուն նշանակումը ուղղակի անհրաժեշտ քայլ էր ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ծիրէն ներս։