Շատ Հետաքրքրական է Տեսնել, Թէ Սփիւռքահայերը Որքան Կապուած Են Իրենց Հայրենիքին. Արիզոնայի Նահանգային Ծերակուտական

Աշխարհ, Հայաստան

Քալիֆորնիոյ փոխնահանգապետ Ելենի Գունալագիսի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Հայաստանի մէջ իրականացուցած է արդիւնաւէտ ու կարեւոր հանդիպումներ՝ նախանշելով համագործակցութեան ուղղութիւնները: Ըստ Armenpress.am-ի՝ այսօր հրաւիրուած ասուլիսի մը ընթացքին՝ Ելենի Գունալագիս շնորհակալութիւն յայտնած է լաւ ընդունելութեան համար: Ան առանձնացուցած է իրենց այցելութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւէրժացնող յուշահամալիր, ուր Յիշատակի պուրակին մէջ ծառ տնկած է Քալիֆորնիոյ անունով: Պատուիրակութիւնը տպաւորուած է ԹՈՒՄՕ կեդրոն այցելութենէն: Ելենի Գունալագիսի խօսքով, կարեւոր է, որ ամերիկահայերը կրցած են այդպիսի ներդրում ունենալ իրենց Հայրենիքին մէջ: Ան յոյս յայտնած է, որ իրենց այցելութիւնը նոր դուռ պիտի բանայ համագործակցութիւնը ընդլայնելու համար:

«Քալիֆորնիա նահանգը ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ պահանջատէր է այդ հարցով: Մեր նահանգին մէջ կը գործէ օրէնք, ըստ որուն, նահանգի հանրային վարժարաններուն մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութիւնը կը ներկայացուի ուսանողներուն: Քալիֆորնիան ԱՄՆ-ի 9 նահանգներէն մէկն է, որ ճանչցած է Արցախի անկախութիւնը»,- ըսած է Ելենի Գունալագիսը:

Արիզոնայի նահանգային ծերակուտական Օթօնիէլ Նաւարեթէն մեծ պատիւ  համարած է Հայաստան գտնուիլը: Ան ընդգծած է, որ շատ կարեւոր հանդիպումներ ունեցած են ԱԳ նախարարի, Ազգային ժողովի պատգամաւորներու հետ:

«Շատ հետաքրքրական է տեսնել, թէ սփիւռքահայերը որքան կապուած են իրենց Հայրենիքին եւ ամէն ինչ կ՝ընեն ներդրումային ծրագրեր իրականացնելու համար: Այստեղ մարդոց մէջ իւրահատուկ ուժ կը տեսնեմ: Արիզոնան այն նահանգներէն է, որ ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Պէտք է աշխատիլ, որ ապագային այլ ցեղասպանութիւններ չկրկնուին»,- ըսած է ան: Օթօնիէլ Նաւարեթէն նշած է, որ Արիզոնայի մէջ կը քննարկեն Հայաստանի հետ առեւտրային գրասենեակ բանալու հարցը:

Լրագրողները հետաքրքրուած են Լոս Անճելըս-Երեւան ուղիղ չուերթի հնարաւոր կազմակերպման մասին: Ելենի Գունալագիսը նշած է, որ  այդ ուղղութեամբ աշխատանք կը տարուի:

«Անիկա շատ կարեւոր պիտի ըլլայ Հայաստանի ու հայերուն համար: Ինչպէս գիտենք, Քալիֆորնիոյ մէջ մեծ թիւով հայեր կ՝ապրին, ուղիղ չուերթի պարագային անոնք դիւրութեամբ կրնան տեղաշարժիլ»,- ըսած է ան: