Հայ Դատի Յանձնախումբը Այս Տարի ԱՄՆ-էն Հայաստանի Համար 85 Միլիոն Տոլարի Աջակցութեան Յոյս Կը Յայտնէ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Հայաստանը, անկախութենէն ի վեր, ԱՄՆ-էն ստացած է 2 միլիառ տոլարի չափով օգնութիւն: Armenpress.am-ի տեղեկութիւններով՝ մամուլի այսօրուան ասուլիսին ընթացքին՝ ԱՄՆ Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետուհի Նորա Յովսէփեան նշած է, որ այդ գործին մէջ յանձնախումբը մեծ դերակատարութիւն ունեցած է: Ան տեղեկացուցած է, որ այս տարիներուն ընթացքին Արցախն ալ ԱՄՆ-էն աջակցութիւն ստացած է 45 միլիոն տոլարի չափով:

«Ի դէպ, Արցախը միակ երկիրն է, որ ճանչցուած չէ եւ ԱՄՆ-էն ուղղակի աջակցութիւն կը ստանայ»,- ըսած է Նորա Յովսէփեան: Լրագրողները հետաքրքրուած են, թէ ինչ պատճառներով ԱՄՆ-ի կառավարութիւնը կը կրճատէ Հայաստանին տրամադրուող նիւթական աջակցութիւնը, սակայն Ատրպէյճանին կը նախատեսէ տրամադրել 100 միլիոն տոլար Իրանի հետ սահմանին ծրագիր իրականացնելու համար: Նորա Յովսէփեան նշած է, որ ատիկա կեղծ լուր է, 100 միլիոն տոլար ԱՄՆ-ն Ատրպէյճանին պիտի չի տրամադրէ:

«Ի հարկէ, նիւթական աջակցութիւն պիտի ըլլայ, սակայն ոչ այդ չափով: Այդ գումարը նախատեսուած է Ատրպէյճանի եւ Իրանի սահմանին ծրագիր իրականացնելու համար: ԱՄՆ-ն Ատրպէյճանը կը դիտարկէ կարեւոր գործընկեր Իրանի դէմ: Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի ու Արցախի նիւթական աջակցութեան, ուստի ըսեմ, որ Թրամփի քաղաքականութիւնն է այդպիսին, ան բոլոր ուղղութիւններով կը կրճատէ: Հայ Դատի յանձնախումբը կը շարունակէ աշխատիլ այդ ուղղութեամբ: Հայաստանի համար նախատեսուած է 40 միլիոն տոլար, առաջարկ եղած է եւս 45 միլիոն տոլար աւելցնելու: Արցախի վերաբերեալ 5 միլիոն տոլարի յոյս ունինք, Հայաստանի հետ կապուած 85 միլիոն տոլարի»,- ըսած է Նորա Յովսէփեան:

Ան նշած է, որ աշխոյժ կ՝աշխատին Հայաստան-ԱՄՆ յարաբերութիւնները զարգացնելու ուղղութեամբ: Քալիֆորնիոյ փոխնահանգապետ Ելենի Գունալագիսի գլխաւորած պատուիրակութեան այցը կը դիտարկուի այդ սահմաններուն մէջ: Ան շնորհակալութիւն յայտնած է ՀՀ ԱԳՆ-ին, Սփիւռքի հարցերով յանձնակատարին աջակցելու համար: