Նախագահ Արմէն Սարգսեան Իր Մէկ Տարուան Աշխատավարձը Նուիրաբերած է «Մեր Գիւմրի» Ծրագիրին

Հայաստան

ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան իր մէկ տարուան աշխատավարձը` շուրջ 23 հազար ԱՄՆ տոլար, նուիրաբերած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի «Մեր Գիւմրի» ծրագիրին: Այս մասին նշուած է ՀՀ նախագահի աշխատակազմին տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ աշնան Գիւմրիի մէջ պիտի սկսի հասարակական բնակարանաշինութեան նոր ծրագիր։ Նախագահ Արմէն Սարգսեան իր մէկ տարուան աշխատավարձը՝ շուրջ 23,000 ԱՄՆ տոլար՝ նուիրաբերած է «Մեր Գիւմրի» ծրագիրին»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Նախագահ Արմէն Սարգսեան կոչ ըրած է վերակառուցելու Գիւմրին:

«Գիւմրին մեր տունն է, եկէք վերակառուցենք մեր տունը, կենդանութիւն տանք։ Ասիկա իւրօրինակ քաղաք է, գեղեցիկ պատմութիւն ու լաւ մարդիկ ունեցող»,- նշած է նախագահը: