Խստիւ Կը Դատապարտենք Մարդկային Զոհերու Յանգեցնող Այս Սադրանքները. ՀՀ ԱԳՆ

Հայաստան

ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան խօսնակը՝ յայտարարութեամբ հանդէս գալով՝ դատապարտած է Ատրպէյճանի կողմէն հրադադարի անընդմէջ խախտումը:

Յայտարարութիւնը ամբողջութեամբ կը ներկայացնենք ստորեւ.

«Ատրպէյճանի զինուած ուժերը 27 եւ 28 Յուլիսին ՀՀ պետական սահմանի հիւսիս-արեւելեան հատուածին վրայ դիպուկահարներու ներգրաւմամբ իրականացուցած են սադրիչ գործողութիւններ, որոնց հետեւանքով սպաննուած է ՀՀ Զինուած Ուժերու զինծառայող Արման Բուլղադարեան եւ վիրաւորուած է եւս երկու զինծառայող:

Ատրպէյճանի կողմէ հրադադարի միտումնաւոր եւ սադրիչ խախտումները կը հակասեն հրադադարի պահպանման եւ ամրապնդման վերաբերեալ ստանձնած պարտաւորութիւնները, որոնք վերջին շրջանին արձանագրուած են նաեւ երկու երկիրներու ղեկավարներու մակարդակով այս տարուան 29 Մարտին տեղի ունեցած Վիեննայի գագաթաժողովին ընթացքին: Անոնք կ՝անտեսեն նաեւ արտաքին գործոց նախարարներու 20 Յունիսին Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման իբրեւ արդիւնք ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներու ընդունած յայտարարութիւնը, ուր կողմերուն կոչ կը կատարուէր խստօրէն պահպանելու հրադադարը յարգելու յանձնառութիւնը եւ ձեռնպահ մնալու սահմանագիծին եւ պետական սահմանին վրայ դիպուկահարներու օգտագործմամբ սադրիչ գործողութիւններէն:

Խստօրէն կը դատապարտենք մարդկային զոհերու յանգեցնող այս սադրանքները, որոնք կ՝ուղեկցուին Ատրպէյճանի կողմէ հրադադարի պահպանման եւ ամրապնդման ուղղուած վստահութեան եւ անվտանգութեան քայլերու իրականացման մերժումով: Այս գործողութիւնները կը ստեղծեն լարուածութեան աճի վտանգ, որուն ողջ պատասխանատւութիւնը կ՝ինայ ատրպէյճանական կողմին վրայ»: