Կ’ուզեմ Վայելել Ամրան Տապին Հակազդող Մեր Զով Երեկոները…

Uncategorized, Յօդուածներ – Զրոյցներ

Թամար Հերկելեան

Ամրան տապին հակազդող զով երեկոն նետեց զիս պարտէզի հանգիստ կանաչին գիրկը։ Ծառերուն եւ ծաղիկներուն մեղմ օրօրը կը հովէր հոգիս, կ’ըմբոշխնէի բնութեան կազդուրիչ ձեւերը, երանգները, շարժումներն ու հոգեպարար մեղեդին։ Յանկարծ, տիրող խաղաղութեան բախեցաւ հեռուէն հնչող խռպոտ ձայն մը, որ թիթեղեայ դողով մը հարուածեց ականջներս։ Դրացի գիւղի կրօնաւորին առ Աստուած աղաչանքն էր, որ փոխանակ ուղիղ վեր բարձրանալու, քամիին պոչը բռնած` կը հասնէր մեզի… մեղա~յ Աստուծոյ։

– Կու <<քարթուշին>>, փսփսացի ու յիշեցի, կամ` յիշեցի ու փսփսացի… այս բառը ուրկէ~ ո~ւր տարաւ զիս։

Տարիները ետդարձ կատարեցին, եւ յիշեցի, թէ ինչպէ’ս կը հետեւէինք մեծ հօրս հեքիաթային արահետներուն։ Կը վազվզէինք դաշտերուն լայնքով ու երկայնքով, կը քսուէինք թուփերուն ու ծառերուն, կը լողայինք <<ցորեանի ծովեր>> ուն մէջ, արեւին շողերը կը խանձէին մեր թարմութիւնը, ՀՈՂԻՆ երգը կը կոփէր մեր էութիւնը: Կը քալէինք, կը քալէինք եւ կը հասնէինք բլուրի մը ստորոտը… <<մեր զարադիկը>>, իսկ հեքիաթին մէջ` << քարթուշէն լօյռ>>( << քարաթոշին լեռը>>): Պապուկս մեծ ոգեւորութեամբ կը պատմէր << քարթուշ>> ներու թագաւորութեան մասին, կը նկարագրէր զանոնք եւ կ’ըսէր, թէ ունէին մեծ եւ կոր քիթ, որուն ծայրը ցցուն գնդիկ մը կար( ճիշդ իր քիթին պէս): Ուշի ուշով կը լսէինք եւ կը լարէինք մեր երեւակայութիւնը` հասնելու այդ թագաւորութեան։

Հա’, այս ալ պէտք է պատմեմ։ Օր մը փոքր եղբայրս, լուացքի թելէն ինկած կրծկալ մը ձեռքին` դիմեց հետաքրքրութիւններ յագեցնող մեծ հօրս.

– Պապա’կ, հապ աս չակի(Պապո’ւկ, հապա ասիկա ինչ է):

Չուշացաւ սրամտութեամբ եւ սուր երեւակայութեամբ շարժող մեծ հօրս քմծիծաղը, որ ազդալոյսն էր << ճշգրիտ>> պատասխանի մը.

– Ատա քարթուշէն կիւզլըքնի(Այդ ալ քարաթոշին ակնոցն է):

– Ո~հ,_ բացագանչեցինք, ուրեմն բաւական մեծ ըլլալու են մեր հերոսները։

Է’հ, պապո’ւկ, օր մը, պատանեկան արշաւի մը ընթացքին, բարձրացանք << մեր>> բլուրը: Ժայռերու ծերպերուն մէջ միշտ փնտռեցի քարաթոշներ։ Անշուշտ, ա’լ մեծցած, կը հասկնայի, որ քու <<քարթուշ>> ներդ պիտի չգտնէի, բայց ամէն անգամ, երբ քարաթոշ մը գլուխը դուրս ցցէր, աւելին` երբ աղօթողներուն պէս գլուխը վեր-վար ընէր, կը յիշէի քիթդ եւ քիթիդ տակ շարժող քմծիծաղդ. կը ժպտէի, կը հրճուէի` այնքա~ն ջինջ սրտով, նաեւ կ’ուզէի տեսնել ինծի պէս, նոյն պատճառով ժպտացողներ եւ հրճուողներ…

– Հէ~յ կիտը աշխուր, հէ~յ… ,_ պիտի հառաչէիր, երբ այսօր հոն տեսնէիր <<քարթուշողներ>>։

Չէ’, կրօնական ծայրայեղութեան մը մոլուցքը չունիմ, քա’ւ լիցի, բայց, պապո’ւկ, ինչ ընենք, երբ հիմա <<քարթուշողները>> մեր շուրջն են, աւելին` մեր մէջն են, մեր թաղերուն մէջ հանգիստ կը թափառին…այո’, ազգային ծայրայեղութեան մը մոլուցքը ունի’մ` յանուն գալիք սերունդներուն….որովհետեւ կ’ուզեմ իսկապէ’ս վայելել ամրան տապին հակազդող մեր զով երեկոները։