Այսօր Պիտի Սկսի Համազգայինի Ուսանողական 25-րդ Հաւաքը (Ֆորում)

Հայաստան, Սփիւռք

Այսօր` Երկուշաբթի, 15 Յուլիսին, Երեւանի մէջ պաշտօնական բացումը պիտի կատարուի Համազգայինի ուսանողական հաւաքին (Ֆորում):

Համազգայինի աւանդական կարեւոր ծրագիրներէն մէկը հանդիսացող այս հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 9 երկիրներէ 36 երիտասարդներ:

Լիբանանի պատուիրակութիւնն ու պատասխանատու կազմը 14 յուլիսին ուղղուեցաւ Հայաստան:

15-29 Յուլիսին տեղի ունենալիք հաւաքին հայրենիքէն եւ սփիւռքի տարբեր գաղութներէ եկած երիտասարդները առիթ պիտի ունենան ծանօթանալու իրարու, հասկնալու իրենց միջեւ եղած հասարակաց գիծերն ու տարբերութիւնները, ապրելու հայկական շունչով, արժէքներով, մշակոյթով, ինչպէս նաեւ լսելու  պատմամշակութային նիւթերով դասախօսութիւններ, քննարկելու հայութիւնը յուզող խնդիրներ:

Անոնք 26 Յուլիսին պիտի մեկնին Արցախ, ուր եւս պիտի ունենան հետաքրքրական յայտագիր: