Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Հայաստան, Սփիւռք

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ:

Վեհափառ հայրապետին եւ դեսպանին հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ վերարժեւորումի ենթարկելու Անթիլիասի մայրավանքին մէջ քանի մը օրեր առաջ տեղի ունեցած Հայ մամուլի համահայկական համագումարը: Անոնք կարեւորութեամբ ընդգծեցին յիշեալ համագումարին եզակի կարեւորութիւնը` թէ՛ իր ունեցած համահայկական տարողութեամբ եւ թէ՛ հարցերու անկեղծ եւ իրապաշտ քննարկումով:

Վեհափառ հայրապետը յատկապէս շեշտեց մամլոյ ազատութիւնը անեղծ պահելու հրամայականը, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդը յուզող հարցերուն գծով մամուլին քննական, իրապաշտ ու պատշաճ մօտեցումը` հեռու մնալով ամէն տեսակ ապատեղեկատուական մօտեցումներէ: Ան նաեւ յիշեց, որ համագումարով սկսած հոլովոյթը անհրաժեշտ է, որ շարունակուի Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիութեան մամլոյ պատասխանատուներուն ամբողջական ու համապարփակ մասնակցութեամբ: