Թուայնացած Աստղադիտակ Եւ Գիտաճամբար՝ Նուէր Բիւրականի Աստղադիտարանին

Հայաստան

Բիւրականի 6-րդ գիտաճամբարը աստղադիտարանին եւ «Ստեփան Գիշեան» բարեգործական հիմնարկին 2018-ին մեկնարկած ծրագիրներէն մէկն է միայն: Գիտաճամբարին մասնակցողները Հայաստանի զանազան դպրոցներէ ժամանած աշակերտներն են: Աստղադիտարանը 2018-ին, «Ստեփան Գիշեան» բարեգործական հիմնարկին կողմէ յայտարարուած դրամաշնորհային ծրագիրի յաղթողներէն մէկն է, եւ այդ ծիրին մէջ, աստղադիտարանին մէջ տեղի ունեցող 6-րդ գիտական դպրոցէն բացի, նաեւ վերանորոգուած եւ կահաւորուած է ուսումնական լսարանը եւ աստղադիտարանը համալրուած է նոր թուայնացած աստղադիտակով: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։

«Ժամանակին դասախօսութիւնները իրականացած են Վիքթոր Համբարձումեանի աշխատասենեակին մէջ, որ տարածքով աւելի փոքր էր եւ այդքան ալ յարմար չէր: Իսկ այստեղ մօտ յիսուն մարդ կը տեղաւորուի: Գաղափարը շատ հետաքրքրական էր, քանի որ 2017 թուականէն անոնք սկսած են այդ ծրագիրը՝ գիտական զբօսաշրջութեան հետ կապուած, եւ ամէն ինչ կ՝ընէին, տարբեր քայլեր կը ձեռնարկէին, որպէսզի այդ ճիւղը զարգանայ Հայաստանի մէջ, մասնաւորապէս՝ աստղագիտական ոլորտէն ներս»,- իր խօսքին մէջ ըսաւ «Ստեփան Գիշեան» բարեգործական հիմնարկի տնօրէն Աննա Գիշեան:

«Գիտաճամբարի ծրագիրը, ի հարկէ, շատ բազմազան է: Այստեղ միայն աստղագիտական դասախօսութիւններ չեն, թէկուզ գիտութեան այլ ոլորտներէն, այլ, օրինակ, բազմաթիւ հետաքրքրական խաղեր, զարգացման խաղեր շատ կան, յագեցուած են ատով: Կը կազմակերպենք այցելութիւններ, պտոյտներ ոչ միայն աստղատան մէջ, այլեւ կը տանինք շրջակայ մօտիկ տեսարժան վայրերը ցոյց կու տանք»,- յայտնեց Վիքթոր Համբարձումեանի անուան Բիւրականի աստղադիտարանի տնօրէն Արեգ Միքայէլեան։