Հալէպի Մէջ Զոհեր եւ Վիրաւորներ

Աշխարհ

Յուլիս 14-ի յետմիջօրէին, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ հրթիռակոծած են Հալէպի «Հալապ Ըճտիտէ» եւ «Մնիէն» շրջանները։ Զոհուած են վեց, վիրաւորուած՝ ութը քաղաքայիններ։ Այս մաին կը յայտնէ Սանա լրատու գործակալութիւնը։
Աղբիւրին համաձայն, միջօրէին հրթիռակոծուած է նաեւ Հալէպի քաղաքապետարանը։ Վիրաւորուած է մանուկ մը։