12 Յուլիս 1921. Լեռնահայաստանի անկումը եւ Գարեգին Նժդեհի Պարսկաստան անցումը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ն․

1921ի այս օ­րը, Յու­լիս 12ին, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ա­զատ ու ան­կախ վեր­ջին տա­րածքն ու միջ­նա­բեր­դը՝ Լեռ­նա­հա­յաս­տա­նը եւս ին­կաւ Կար­միր Բա­նա­կի տի­րա­պե­տու­թեան տակ։

Հա­յոց պատ­մու­թեան տխուր պա­հե­րէն մէ­կը կը խորհր­դան­շէ 12 Յու­լիս 1921ը, ո­րով­հե­տեւ 98 տա­րի ա­ռաջ հայ ժո­ղո­վուր­դը իր ա­զա­տու­թեան եւ ան­կա­խու­թեան վեր­ջին ար­ծո­ւե­բոյ­նը եւս զի­ջե­ցաւ Հա­յաս­տա­նին պար­տադ­րո­ւած խորհր­դա­յին իշ­խա­նու­թեան։

Շատ բան գրո­ւած է պատ­մա­կան Հա­յաս­տա­նի Գող­թան գա­ւա­ռի եւ Սիւ­նեաց Աշ­խար­հի՝ Ա­զատն Լեռ­նա­հա­յաս­տա­նի փա­ռա­հեղ հե­րո­սա­մար­տին մա­սին։ Գ­րո­ւած է ինչ­պէս օ­րին, Լեռ­նա­հա­յաս­տա­նի ան­կու­մին հե­տե­ւած տա­րի­նե­րուն՝ 1920ա­կան­նե­րուն, նոյն­պէս եւ վեր­ջին քսա­նա­մեա­կին, երբ յատ­կա­պէս Զան­գե­զու­րի ան­պար­տե­լի Ար­ծի­ւին՝ Գա­րե­գին Նժդե­հի մե­րօ­րեայ վե­րար­ժե­ւոր­ման խո­րա­պատ­կե­րին վրայ, նո­րո­վի գնա­հա­տա­կա­նը տրո­ւե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի հա­րա­ւա­յին դար­պա­սի հա­յաց­ման եւ ա­զա­տագ­րու­թեան ու­նե­ցած փրկա­րար դե­րին հա­յոց նո­րա­գոյն պե­տա­կա­նու­թեան ար­մա­տա­ւոր­ման մեծ գոր­ծին մէջ։

28 Մա­յիս 1918ին նո­ւա­ճո­ւած Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թիւնն ու նո­րաս­տեղծ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը կրցան դի­մա­նալ ար­տա­քին ճնշում­նե­րուն եւ հա­րո­ւած­նե­րուն դէմ յատ­կա­պէս Լեռ­նա­հա­յաս­տա­նի ա­զա­տագ­րու­մին շնոր­հիւ, ո­րուն ձեռ­նար­կեց վար­չա­պետ Ալ. Խա­տի­սեա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը 1919ի աշ­նան, երբ Զան­գե­զուր ու­ղար­կեց Գա­րե­գին Նժ­դե­հը իբ­րեւ ընդ­հա­նուր հրա­մա­նա­տա­րը հայ­կա­կան բա­նա­կի այն զօ­րա­մա­սե­րուն, ո­րոնք կե­նաց-մա­հու կռիւ կը մղէին Հա­յաս­տա­նի հա­րաւ-ա­րե­ւե­լեան սահ­ման­նե­րուն վրայ, թրքա­կան եւ ա­զե­րիա­կան կա­նո­նա­ւոր բա­նա­կի եւ զի­նեալ խու­ժա­նի աս­պա­տա­կում­նե­րուն դէմ։

Ա­պա­ւի­նած հայ­րե­նի լեռ­նե­րուն ու իր ա­զա­տա­տենչ ո­գիի զօ­րու­թեան՝ Սիւ­նի­քի հա­յու­թիւ­նը, հայ­կա­կան բա­նա­կի մար­տու­նա­կու­թեամբ եւ Նժ­դե­հի ղե­կա­վա­րու­թեամբ, քա­ջա­բար կռո­ւե­ցաւ նա­խա­յար­ձակ թշնա­միին դէմ եւ յաղ­թա­նա­կով պսա­կեց ան­հա­ւա­սար ու­ժե­րով մղո­ւած իր դիւ­ցազ­նա­մար­տը:

Այդ ծանր օ­րե­րուն, թուրքն ու ա­զե­րին ձեռք-ձեռ­քի տո­ւած կը փոր­ձէին գրա­ւել Ղա­րա­բաղն ու ամ­բողջ Լեռ­նա­հա­յաս­տա­նը՝ հա­րա­ւէն եւս պա­շա­րե­լու եւ խեղ­դե­լու հա­մար Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը։ Հա­մաթր­քա­կան սպառ­նա­լի­քին վրայ գու­մա­րո­ւած էր նաեւ հիւ­սի­սի կար­միր վտան­գը. 11րդ Կար­միր Բա­նա­կը շարժ­ման մէջ դրո­ւած էր՝ Անդր­կով­կասն ու Ցա­րա­կան Կայս­րու­թեան եր­բեմ­նի հա­րա­ւա­յին սահ­ման­նե­րը Ռու­սաս­տա­նին վե­րա­դարձ­նե­լու եւ պոլ­շե­ւի­կեան տի­րա­պե­տու­թեան տակ դնե­լու ա­ռա­քե­լու­թեամբ։

Բա­ցա­յայ­տո­ւած էր Լե­նին-­Քե­մալ մեղ­սակ­ցու­թեամբ Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թիւ­նը կոր­ծա­նե­լու մեծ դա­ւադ­րու­թիւ­նը։ Օր­հա­սա­կան պայ­քա­րի մէջ էր ողջ հայ ժո­ղո­վուր­դը եւ ճա­կա­տագ­րա­կան այդ մա­քա­ռու­մը ծնունդ տո­ւաւ իր հե­րո­սին՝ ան­զու­գա­կան Նժ­դե­հին։

Իր զի­նո­ւո­րա­կան հմտու­թեամբ, կազ­մա­կերպ­չա­կան տա­ղան­դով եւ ո­գե­շունչ հռե­տո­րու­թեամբ, Նժ­դեհ յա­ջո­ղե­ցաւ ստեղ­ծել «ժո­ղովր­դա­կան կուռ բա­նակ մը, որ պատ­րաստ էր իր հրա­մա­նա­տա­րի ձեռ­քի մէկ շար­ժու­մին ան­սա­լով կրա­կի մէջն ան­գամ նե­տո­ւե­լու» (Ա­ւօ, «Նժ­դեհ», էջ 210): Նժ­դեհ յղա­ցաւ եւ ի­րա­գոր­ծեց Դա­ւիթ­բէ­գեան Ուխ­տեր ստեղ­ծե­լու եւ ա­նոնց մի­ջո­ցաւ հա­մա­ժո­ղովր­դա­կան կռի­ւը յա­ռաջ մղե­լու ծրա­գի­րը։ Հա­մա­ժո­ղովր­դա­կան այդ ուժն էր, որ 1920ի Ապ­րի­լէն եւ Ատր­պէյ­ճա­նի խորհր­դայ­նա­ցու­մէն սկսեալ ոչ միայն հե­րո­սա­բար դի­մադ­րեց քե­մա­լա­կան եւ պոլ­շե­ւի­կեան միա­ցեալ գրոհ­նե­րուն՝ զա­նոնք ետ շպրտե­լով, այ­լեւ՝ կրցաւ հիմ­նո­վին հա­յաց­նել ամ­բողջ Լեռ­նա­հա­յաս­տա­նը։

1920ի Օ­գոս­տոս 25ին, Կա­պա­նի Կա­ւարտ գիւ­ղի ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, Նժ­դե­հի զի­նո­ւոր­նե­րը ուխ­տե­ցին Դա­ւիթ-բէ­գի ա­նու­նով՝ «հա­ւա­տա­րիմ մնալ հայ­րե­նի երկ­րի ա­զա­տու­թեան, ի­րենց հրա­մա­նա­տար Նժդե­հին եւ կռո­ւել մին­չեւ վեր­ջին շուն­չը» («Ար­նոտ գիրք», Գո­րիս, 1921թ., էջ 33-34):

Այս­պէ՛ս ծնունդ ա­ռին Դա­ւիթ-բէ­գեան Ուխ­տե­րը, ո­րոնց նշա­նա­բանն էր. «­Յա­նուն հայ­րե­նի­քի՝ Դա­ւիթ բէ­գա­բար»:

Եւ երբ Դեկ­տեմ­բեր 1920ին Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը տե­ղի տո­ւաւ խորհր­դայ­նաց­ման ճնշու­մին առ­ջեւ, Լեռ­նա­հա­յաս­տա­նը հռչա­կեց իր ան­կա­խու­թիւ­նը եւ մեր­ժեց ըն­դու­նիլ խորհր­դա­յին իշ­խա­նու­թիւ­նը։ Ա­ւե­լի՛ն. Նժ­դե­հի ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ, հայ­կա­կան ու­ժե­րը պար­տու­թեան դառ­նու­թիւ­նը ճա­շա­կել տո­ւին Դե­նի­կի­նի, Կոլ­չա­կի ու Վ­րան­գե­լի բա­նակ­նե­րը ջար­դած եւ «ան­պար­տե­լի» հռչա­կո­ւած 11րդ Կար­միր Բա­նա­կի հե­ծե­լա­զօր­քի պետ Կու­րոչ­կի­նին:

Ա­զատ ու ան­կախ Լեռ­նա­հա­յաս­տա­նը ներշնչ­ման աղ­բիւր եւ քա­ջա­լեր ուժ հան­դի­սա­ցաւ 18 Փետ­րուար 1921ի հա­մա­ժո­ղովր­դա­կան ապս­տամ­բու­թեան, ո­րուն կող­մէ իշ­խա­նու­թեան կո­չո­ւած Հայ­րե­նի­քի Փրկու­թեան Կո­մի­տէն, Սի­մոն Վ­րա­ցեա­նի վար­չա­պե­տու­թեամբ, մին­չեւ Ապ­րիլ կրցաւ դի­մադ­րել Կար­միր Բա­նա­կի վե­րա­դար­ձին՝ ա­պա­ւի­նե­լով Զան­գե­զու­րի յաղ­թա­կան մար­տե­րուն։

Բայց աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան մեծ խո­րա­պատ­կե­րով՝ այ­լեւս վճռո­ւած էր ան­խու­սա­փե­լի խորհր­դայ­նա­ցու­մը Հա­յաս­տա­նի։ Ապ­րիլ 1921էն սկսեալ, Հայ­րե­նի­քի Փր­կու­թեան Կո­մի­տէի գլխա­ւո­րու­թեամբ, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ստի­պո­ւե­ցաւ նա­հան­ջել Ե­րե­ւա­նէն եւ Ա­րա­րա­տեան դաշ­տէն դէ­պի Զան­գե­զուր, հոն­կէ անց­նե­լու հա­մար Ատր­պա­տա­կան, Պարս­կաս­տան։

Այդ օ­րե­րուն, 12 հա­զար գաղ­թա­կա­նու­թեան (ո­րուն 4 հա­զա­րը՝ զօրք) նա­հան­ջի պայ­ման­նե­րուն մէջ, Սիւ­նի­քը շա­րու­նա­կեց իր յաղ­թա­կան կռիւ­նե­րը եւ հռչա­կեց Լեռ­նա­հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը՝ սպա­րա­պետ Նժ­դե­հի վար­չա­պե­տու­թեամբ:

Յու­նի­սի 1ին, Զան­գե­զուր ան­ցած Հ. Հ. կա­ռա­վա­րու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, Լեռ­նա­հա­յաս­տա­նը յայ­տա­րա­րո­ւե­ցաւ Հա­յաս­տան՝ Սի­մոն Վ­րա­ցեա­նին նշա­նա­կե­լով վար­չա­պետ (Նժ­դե­հը մնաց իբ­րեւ սպա­րա­պետ): Բայց Վ­րաս­տանն ու Հա­յաս­տա­նը փաս­տօ­րէն ին­կած էին պոլ­շե­ւի­կեան տի­րա­պե­տու­թեան տակ։ Պա­րէնն ու հա­ցա­հա­տի­կը սպա­ռած էին եւ Լեռ­նա­հա­յաս­տա­նի վար­չա­կան ու զի­նո­ւո­րա­կան ղե­կա­վար մար­մին­նե­րը դժո­ւա­րու­թիւն ու­նէին պաշտ­պա­նե­լու Զան­գե­զու­րի հա­յու­թիւ­նը։ Այդ պայ­ման­նե­րուն մէջ, հա­շո­ւի առ­նե­լով, որ Հա­յաս­տա­նի պոլ­շե­ւի­կեան ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը իր 1921 Յու­նի­սի հռչա­կագ­րով Սիւ­նի­քը պաշ­տօ­նա­պէս կցած էր Մայր Երկ­րին՝ Յու­լի­սին Լեռ­նա­հա­յաս­տա­նը իր կար­գին տե­ղի տո­ւաւ խորհր­դայ­նաց­ման առ­ջեւ:
12 Յու­լիս 1921ին, հե­ռա­նա­լով Զան­գե­զու­րէն՝ Նժդեհ իր հրա­ժեշ­տէն ա­ռաջ վստա­հե­ցուց Լեռ­նա­հա­յաս­տա­նի հա­յու­թեան, որ ինք ընդ­միշտ չի հե­ռա­նար եւ պի­տի՛ վե­րա­դառ­նայ, ե­թէ Ե­րե­ւա­նի փո­խա­րէն Պա­քուն դառ­նայ Սիւ­նի­քի տէ­րը: Այդ ի­մաս­տով՝ յաղ­թա­կան սպա­րա­պե­տը Խորհր­դա­յին Հա­յաս­տա­նի Յեղ­կո­մին ուղ­ղեց յա­տուկ պատ­գամ մը, որ կ­’ա­ւար­տէր հե­տե­ւեալ սաս­տող տո­ղե­րով.

-«­Դուք գի­տէք, որ ցան­կու­թեան դէպ­քում ես միշտ էլ հնա­րա­ւո­րու­թիւն կ­’ու­նե­նամ մի քա­նի տաս­նեակ զի­նո­ւոր­նե­րով վե­րագ­րա­ւե­լու Լեռ­նա­հա­յաս­տա­նը: Որ­պէս­զի այս երկ­րի աշ­խա­տա­ւոր գիւ­ղա­ցիու­թիւ­նը ստի­պո­ւած չլի­նի մէկ էլ ինձ օգ­նու­թեան կան­չե­լու, աշ­խա­տէք բա­ւա­րա­րել հայ գիւ­ղա­ցիու­թեան եւ նրա մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան ար­դար պա­հան­ջը» (Վ. Գէոր­գեան, «­Լեռ­նա­հա­յաս­տա­նի հե­րո­սա­մար­տը», էջ 160):

98 տա­րո­ւան հե­ռա­ւո­րու­թե­նէն, այ­սօր, դիւ­րին է հար­ցա­կա­նի տակ առ­նել 12 Յու­լիս 1921ի պատ­մա­կան քայ­լին նպա­տա­կա­յար­մա­րու­թիւ­նը։ Մա­նա­ւանդ վեր­ջին 25ա­մեա­կին ուռ­ճա­ցաւ թի­ւը այն պատ­մա­բան­նե­րուն եւ գա­ղա­փա­րա­խօս­նե­րուն, ո­րոնք յա­պա­ղած ի­մաս­տու­թեամբ սուր քննա­դա­տու­թեանց եւ դա­տա­պար­տան­քի թի­րախ դար­ձու­ցին Լեռ­նա­հա­յաս­տա­նը Կար­միր Բա­նա­կին յանձ­նե­լու այդ քայ­լը։ Խորհր­դա­յին սպա­ռած ա­րե­ւե­լու­մին նո­րօ­րեայ ար­ձա­գան­գը բե­րե­լով՝ ո­մանք կը փոր­ձեն փաս­տար­կել, թէ ի սկզբա­նէ սխալ քայլ էր Կար­միր Բա­նա­կին դէմ զէնք բարձ­րաց­նե­լու Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ո­րո­շու­մը, «դաշ­նակ­նե­րի ա­ւան­տու­րիզմ» կը հռչա­կեն Ա­զատ ու Ան­կախ Սիւ­նի­քի ստեղ­ծու­մը եւ Նժ­դե­հը կը նկա­տեն գլխա­ւոր պա­տաս­խա­նա­տուն… եղ­բայ­րաս­պան ա­րիւ­նա­հե­ղու­թեան։ Իսկ ու­րիշ­ներ, Դաշ­նակ­ցու­թեան դէմ ինչ-ինչ հա­շիւ­նե­րով վար­կա­բեկ­ման ար­շաւ մղե­լով, կը փոր­ձեն ա­պա­ցու­ցել, որ Նժ­դեհ իր ա­զատ կամ­քով չյանձ­նեց Լեռ­նա­հա­յաս­տա­նը, այլ պար­զա­պէս ստի­պո­ւե­ցաւ գոր­ծադ­րել օ­րո­ւան Հ.Յ.Դ. ղե­կա­վա­րու­թեան անձ­նա­տո­ւու­թեան ո­րո­շու­մը։

Այ­սինքն՝ երբ ա­տե­նի Հ.Հ. Ռազ­մա­կան նա­խա­րար Ռու­բէ­նի հրա­հան­գով եւ հայ­կա­կան բա­նա­կի զօ­րա­մա­սով Նժ­դեհ կ­’ու­ղար­կո­ւէր Զան­գե­զուր եւ յաղ­թա­կա­նօ­րէն յա­ռաջ կը մղէր Լեռ­նա­հա­յաս­տա­նի հա­յաց­ման ու ա­զա­տագր­ման պայ­քա­րը, այդ բո­լո­րին մէջ բա­ցա­ռա­բար Նժ­դե­հի ան­հա­տա­կան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը պէտք է շեշ­տել։ Իսկ հա­յա­ցո­ւած ու ա­զա­տագ­րո­ւած Լեռ­նա­հա­յաս­տա­նի յանձ­նու­մը պէտք է վե­րագ­րել բա­ցա­ռա­պէս Հ.Հ. իշ­խա­նու­թեանց պար­տո­ւո­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան…

Կ’անց­նին այս օ­րերն ալ եւ վստա­հա­բար կու գան հայ ժո­ղո­վուր­դի նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան ամ­բող­ջա­կան ար­ժե­ւոր­ման նո­ւի­րո­ւած գա­ղա­փա­րա­խօս­նե­րը, ո­րոնք Յու­լիս 12ի պատ­մա­կան քայ­լը կ­’ար­ժե­ւո­րեն իր իս­կու­թեամբ՝ թրքա­կա­նին հա­մե­մա­տած խորհրդա­յին լու­ծը իբ­րեւ չա­րեաց փոք­րա­գոյ­նը ընտ­րե­լու հայ ազ­գա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան դառն ու դա­ժան պար­տա­ւո­րու­թիւ­նը։

Պատ­մա­կան այ­սօ­րի­նակ ու­սա­նե­լի պահ մը կը խորհր­դան­շէ 12 Յու­լիս 1921ը։