Լոյս Տեսաւ Յունաստանի «Արմենիքա» Պարբերաթերթի 100-րդ Թիւը

Սփիւռք

Յու­նի­սի մէջ, լոյս տե­սաւ Յունաստանի «Ար­մե­նի­քա» պար­բե­րա­թեր­թի ­Մարտ-­Յու­նիս թի­ւը, որ հրա­տա­րա­կու­թեան շար­քի 100-րդ ­թիւն է։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատ օր»-ը։

Այս առ­թիւ, պար­բե­րա­թեր­թի խմբագ­րա­կա­նին մէջ կը նշո­ւի.- «­Հա­րիւր թի­ւը խորհր­դան­շա­կան է, սա­կայն այն իր ի­մաս­տը ու­նի։

Պար­բե­րա­թեր­թի խմբագ­րու­թեանս հա­մար, ինչ­պէս նաեւ՝ նա­խորդ կազ­մե­րուն, պար­բե­րա­թեր­թի հին եւ նոր գոր­ծա­կից­նե­րուն հա­մար կա­րե­ւոր ե­ղե­լու­թիւն մըն է։ Ա­նի­կա, քսան շա­րու­նա­նա­կան տա­րի­նե­րու հա­ւա­քա­կան աշ­խա­տան­քի գա­գաթ­նա­կէտն է։ Այս աշ­խա­տան­քը կանգ պի­տի չառ­նէ, նոյ­նիսկ դժո­ւար պայ­ման­նե­րու տակ»։

«Ար­մե­նի­քա» պար­բե­րա­թեր­թի 100-րդ ­թի­ւը հա­րուստ բո­վան­դա­կու­թիւն ու­նի՝ քա­ղա­քա­կան, ազ­գա­յին եւ պատ­մա­կան, տնտե­սա­կան, մշա­կու­թա­յին, ազ­գագ­րա­կան եւ ըն­կե­րա­յին նիւ­թե­րու, յօ­դո­ւած­նե­րու եւ վեր­լու­ծում­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­մով։

Նաեւ, տեղ գտած են յոյն անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու կող­մէ զա­նա­զան գնա­հա­տա­կան­ներ եւ խօս­քեր՝ պար­բե­րա­թեր­թի 100-րդ ­թի­ւի հրա­տա­րա­կու­թեան ա­ռի­թով։