Զոհրապ Մնացականեան եւ Սերգէյ Լաւրով Քննարկած են ԼՂ Հիմնախնդրի Խաղաղ Կարգաւորման Գործընթացը

Աշխարհ, Հայաստան

Սլովաքիոյ Վիսոգէ Դադրի քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ԵԱՀԿ ոչ պաշտօնական նախարարական հանդիպման ծիրէն ներս, Յուլիս 8-ին, տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Ռուսիոյ ԱԳ նախարարներու հանդիպումը:

ՀՀ ԱԳՆ լրատւութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութեան տեղեկութիւններով՝ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են հայ-ռուսական դաշնակցային օրակարգին, երկկողմ եւ բազմակողմ հարթակներու վրայ համագործակցութեան առնչուող շարք մը հարցեր:

Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարները մտքեր փոխանակած են տարածաշրջանային եւ միջազգային օրակարգի հրատապ խնդիրներու շուրջ:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ եղած է ղարաբաղեան հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին: