Թիֆլիսի Միխէիլ Ջաւախիշվիլիի Անուան Համալսարանի Ուսանողները Ախալցխայի Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցի Այցելեցին (լուսանկարներ)

Աշխարհ, Սփիւռք

Թիֆլիսի Միխէիլ Ջաւախիշվիլիի անուան համալսարանի իրաւաբանական բաժինի առաջին լսարանի ուսանողները, Յուլիս 7-ին, այցելեցին Ախալցխայի հայկական Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի։ Այս մասին կը հաղորդէ Akhaltskha.net-ը։

Եկեղեցւոյ մէջ ուսանողները դիմաւորեցին Ախալցխայի հոգեւոր տեսուչ հայր Յակոբ աբեղայ Սահակեանը եւ Սամցխէ-Ջաւախքի Մետիա Վերլուծական կեդրոնի տնօրէն Էդուարդ Այվազեանը։ Հանդիպման կը մասնակցէին նաեւ «Ախալցխա» պարախումբի երիտասարդները եւ տեղի հայ ուսանողները։ Վրաց ուսանողներու այցին նպատակն էր ծանօթանալ եկեղեցւոյ պատմութեան եւ շփուիլ իրենց հասակակից հայերու հետ։

Հանդիպման ժամանակ Ախալցխայի հոգեւոր տեսուչ հայր Յակոբ աբեղայ Սահակեան ներկայացուց Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ պատմութիւնը եւ կարեւոր համարեց երիտասարդներու համագործակցութեան գաղափարը։ Այս ծիրէն ներս՝ Հայր Սուրբը առաջարկեց Օգոստոսին կազմակերպել ճամբար հայ եւ վրաց երիտասարդներու եւ ուսանողներու մասնակցութեամբ, որ մեծ ոգեւորութեամբ ընդունուեցաւ ե՛ւ ուսանողներուն, ե՛ւ անոնց ուղեկցող դասախօսներուն կողմէ։

Հանդիպման աւարտին տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ կողմէ կազմակերպուած հիւրասիրութիւն։ Նմանատիպ հանդիպոմ տեղի ունեցած էր նաեւ անցեալ տարի՝ նոյն համալսարանի դասախօսներուն կազմակերպման շնորհիւ։