Հայաստանէն Ապրանքներու Արտահանումը Մայիսին Աճած է 11,7 Տոկոսով

Այլեւայլ, Հայաստան

ՀՀ ազգային վիճակագրական կոմիտէի տուեալներուն համաձայն` այս տարուան Մայիսին 2018-ի նոյն ամսուան համեմատ արձանագրուած է ապրանքներու արտահանման 11.7% աճ:

Ըստ Պետական եկամուտներու կոմիտէի տուեալներուն` որոշ ապրանքներու արտահանումը աճած է երկնիշ ցուցանիշներով ինչպէս Մայիսին նախորդ տարուան նոյն ամսուան համեմատ, այնպէս ալ 2019-ի Յունուար-Մայիսին` նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի համեմատ:

«Արտահանման կառուցուածքին մէջ այս ամիս եւս նկատուած է աճի մեծ ներուժ ունեցող ոչ աւանդական ապրանքներու արտահանման դրական շարժ»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: