Հայաստանէն Պէտք է Արմատախիլ Ըլլայ Քրէական Ենթամշակոյթը. Նիկոլ Փաշինեան

Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան իւրաքանչիւր քաղաքացի պէտք է զգայ, որ պետութիւնը ամուր կանգնած է իր թիկունքին: Ըստ Armenpress.am-ի՝ Յուլիս 1-ին, ՀՀ դատախազութեան 101-ամեակին եւ դատախազութեան աշխատակիցի օրուան նուիրուած հանդիսաւոր նիստին ընթացքին՝ այս մասին իր ելոյթին մէջ ըսաւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: «Հայաստանի Հանրապետութեան իւրաքանչիւր քաղաքացի, իւրաքանչիւր մարդ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ պէտք է զգայ, որ ինքը մեր երկրին մէջ պաշտպանուած է այնպէս, ինչպէս կայացած ընտանիքներու մէջ պաշտպանուած կը զգան: Ասիկա չափազանց կարեւոր առաքելութիւն է, եւ այդ առաքելութեան մէջ դատախազութիւնը ունի առաջնորդող դերակատարութիւն»,- ըսած է  Փաշինեան:

Ան շեշտած է, որ իրաւունքը ՀՀ-ի մէջ այլեւս վերնախաւին շնորհը պէտք չէ ըլլայ. «Իւրաքանչիւր քաղաքացի պէտք է վստահ ըլլայ, որ այս ուսադիրները եւ համազգեստը կրող մարդիկ անմնացորդ կը ծառայեն իւրաքանչիւր քաղաքացիի իրաւունքին՝ անկախ անոր կարգավիճակէն, հասարակական դիրքէն, ծագումէն, ապրելու վայրէն, աշխատանքէն եւ զբաղմունքէն: Այս առաքելութիւնը պատմական, շրջադարձային, յեղափոխական նշանակութիւն ունի»,- նշած է ՀՀ վարչապետը:

Վարչապետ Փաշինեան վերջին մէկ տարուան ընթացքում դատախազութեան գործունէութիւնը կը գնահատէ արդիւնաւէտ: «Ես կ՝ուզեմ դատախազութեան բոլոր աշխատողներուն շնորհակալութիւն յայտնել՝ անոնց կատարած աշխատանքին համար եւ յոյս յայտնել, որ յառաջիկային այդ աշխատանքը պիտի ըլլայ աւելի արդիւնաւէտ, եւ ամէն օրուան, ամէն տարուան հետ Հայաստանի աւելի ու աւելի շատ քաղաքացիներ, բոլոր քաղաքացիները պիտի տեսնեն, որ դատախազութիւնը իրենց դատախազութիւնն է, իրենց իրաւունքի դատախազութիւնն է, իրենց անվտանգութեան դատախազութիւնն է, իրենց ապագան ապահովող դատախազութիւնն է»,- ընդգծած է Նիկոլ Փաշինեան: