Պոլիս Գտնուող Հայաստանցի Գաղթականներու Հարցի Քննարկում

Աշխարհ, Սփիւռք

Պոլսոյ «Պիլկի» համալսարանին մէջ, Յունիս 13-ին, գումարուեցաւ աշխատաժողով մը եւ ներկայացուեցաւ տեղեկագիր մը, զոր պատրաստած են «Հրանդ Տինք» հիմնադրամը եւ համալսարանին Գաղթականութեան ուսումնասիրութեան կեդրոնը։ Այս տեղեկագիրին մէջ ներկայացուած են Թուրքիոյ մէջ հայաստանցի գաղթականներու հիմնահարցերը։ Այս մասին կը հաղորդէ պոլսահայ «Մարմարա» թերթը։

Հեղինակները ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած են յատկապէս երեխաներու վրայ։ Ուսումնասիրութիւնը պատրաստելու ընթացքին կատարուած են հարցախոյզներ 8-11 տարեկան մանուկներու եւ 12-18 տարեկան դեռահասներու մասնակցութեամբ։ Ուշագրաւ է, որ թէ՛ մանուկներուն եւ թէ դեռահասներուն մեծամասնութիւնը պատասխանած է, որ լաւ կամ շատ լաւ կը հասկնայ թրքերէնը։ 8-11 տարեկան երեխաներուն 75 տոկոսը, իսկ 12-18 տարեկան դեռասաներուն 81 տոկոսը ծնած է Հայաստանի մէջ։ Տարիքային երկու խումբերու երեխաներն ալ, բացի տնային գործերով զբաղելէ, իրենց ընտանիքներուն օգնելու նպատակով՝ կ՛աշխատին այլ գործեր։ Ընդհանուր առմամբ, մանուկները եւ դեռահասները գոհ են կեանքի պայմաններէն եւ իրենք զիրենք ապահով կը զգան։

Երեխաներուն համար կարեւոր հիմնահարցերէն մէկն է ուսման հարցը։ Անոնց մէկ մասը ոչ-պետական վարժարաններու կառավարման ոլորտին մէջ 2012ին գործադրութեան դրուած փոփոխութիւններուն շնորհիւ, իբրեւ հիւր աշակերտ ընդունուած է Պոլսոյ հայկական դպրոցները, սակայն այդ աշակերտները պաշտօնապէս չեն արձանագրուած եւ վկայական չեն ստանար։

0615bolis

Զեկուցումին մէջ կը նշուի նաեւ, որ Թուրքիոյ մէջ ապրող հայաստանցի գաղթականներու թիւին վերաբերեալ յստակ տուեալներ չկան։ Զանազան պնդումներ կան թիւին մասին՝ 10 հազարէն մինչեւ 70 հազար, սակայն իրական թիւը, ըստ հրապարակուած տեղեկագիրին, 15-20 հազարի միջեւ է։

1990ականներուն սկսած է Հայաստանէն դէպի Թուրքիա արտագաղթը. հայաստանցիներ կը նշեն, որ գաղթելու գլխաւոր պատճառներն էին Հայաստանի մէջ անգործութիւնը եւ Թուրքիոյ մէջ աշխատանք գտնելու մտադրութիւնը։

Տեղեկագիրին մէջ կը շեշտուի այն հանգամանքը, որ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու բացակայութիւնը աւելի կը դժուարացնէ հայաստանցի գաղթականներուն արդէն իսկ դժուար կացութիւնը։