Զարեհ Սինանեան Նշանակուած է Սփիւռքի Գործերու Գլխաւոր Յանձնակատար

Հայաստան, Սփիւռք

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որոշումով՝ Զարեհ Սինանեան նշանակուած է Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար: Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ կառավարութեան e-gov.am պաշտօնական կայքը:

«Ղեկավարուելով «Հանրային ծառայութեան մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի 8-րդ յօդուածի 3.1-ին մասով եւ 9-րդ յօդուածի 25-րդ մասով՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան որոշում ստորագրած է՝ Զարեհ Սինանեանը նշանակելով Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար»,- նշուած է որոշման յայտարարութեան մէջ:

Զարեհ Սինանեան ծնած է Երեւան, կրթութիւնը ստացած է նախ Երեւանի, ապա ԱՄՆ-ի Պըրպանք քաղաքին մէջ: 1997-ին քաղաքագիտութեան եւ պատմութեան պաքալորիայի աստիճան ստացած է UCLA-էն, այնուհետեւ աւարտած է USC-ի իրաւագիտութեան դպրոցը: 2001-էն զբաղած է փաստաբանական գործունէութեամբ: 2014-2015 թուականներուն զբաղցուցած է Կլենտէյլի քաղաքապետի պաշտօնը, օրերս դադրեցուցած էր լիազօրութիւնները Կլենտէյլի քաղաքային խորհուրդէն: Զարեհ Սինանեան ամուսնացած է, ունի չորս երեխայ: