Շահան Սրբազանէն Փոխանցուած Կայծերը…

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Լեւոն Շառոյեան

2 Յունիս 2019-ին բախտորոշ նոր էջ մը բացուեցաւ սուրիահայոց ժամանակակից պատմութեան մէջ: Կատարուեցաւ թեմակալ նոր առաջնորդի ընտրութիւն:

Առ այդ, 15 տարիներու բոլորանուէր ծառայութենէ մը ետք, Հալէպի պատմական թեմին սիրուած առաջնորդը` Շահան արք. Սարգիսեան, հրաժեշտ առաւ մեր գաղութէն ու վերադարձաւ իր հոգեւոր տունը` Անթիլիաս:

Քանի մը օր առաջ, Դիմատետրի վրայ, այս նոյն առիթով, հալէպաբնակ համալսարանական քսանամեայ երիտասարդ մը գրի առած էր ուշագրաւ ակնարկ մը, որ տեսակ մը սրտաբուխ խօսք ըլլալու կողքին, է՛ր նաեւ երիտասարդ սերունդին տպաւորութիւններուն հանրագումարը` իր հոգեւոր պետին մասին: Երիտասարդ հայորդին «Իւրայատուկ էր» խորագիրը ընտրած էր իր ակնարկին համար ու կը պատմէր, որ մի՛շտ խոր տպաւորութեամբ եւ զմայլանքով կ՛ունկնդրէր Շահան սրբազանին բանաւոր ելոյթները, այդ ելոյթներուն ընթացքին ճարտարօրէն կատարուած դիպուկ մէջբերումներուն ականջ կու տար հաճոյքով ու տեւաբար կը զգար, որ առաջնորդ սրբազանը բազմակողմանի գիտելիքներով զինուած հոգեւորական մըն էր…

Այո՛, ճի՛շդ բնորոշում մըն է այս:

Մենք ալ Սիմոն Սիմոնեանի հետեւողականութեամբ կրնանք բացագանչել` «Ան ուրի՜շ էր…»:

Եւ իսկապէս, Շահան սրբազան մեզի համար այն ՏԻՊԱՐ ու ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆ եկեղեցականն էր, որու նմաններուն կարօտով կ՛ապրի հաւատացեալ հօտը առհասարակ, եւ որու նմաններուն կարօտով կ՛ապրին մեր նուիրապետական աթոռներն ալ ընդհանրապէս…

Իր բացառիկ լրջախոհութիւնը, իր կոչումին նկատմամբ ցուցաբերած նախանձախնդրութիւնը, իր ստեղծարար ոգին, իր աշխատունակ նկարագիրը, իր սակաւապէտութիւնը եւ մանաւա՛նդ իր բանաւոր ելոյթներով սփռած հրաշէկ կայծերը համարում, պատկառանք, կենդանութիւն ու լաւատեսութիւն կը տարածէին իր շուրջբոլորը:

Ինծի կը թուի, թէ Շահան սրբազան, որ իր հոգեւոր կոչման օրը (1985) իր ներկայ անունը ստացեր էր մեծանուն իմաստասէր ու դաստիարակ Շահան Ռ. Պէրպէրեանին ի յիշատակ, կայծեր ու ճառագայթումներ առեր էր անոր մտածումներէն ու աշխարհայեացքէն ալ:

Երբ Հալէպ ժամանեց ան, 2004-ին, ստուարաթիւ մեր գաղութը կը պարզէր շէն ու բարգաւաճ պատկեր մը: Դպրոցները, եկեղեցիներն ու ակումբները կը յորդէին բազմութիւններով: Ճի՛շդ մարդը դրուած էր ճի՛շդ պաշտօնի վրայ: Ու Շահան սրբազան (այն ատեն` դեռ ծայրագոյն վարդապետ ու 41 տարեկան), սեւ մօրուքով ու պճլտուն աչքերով այս երիտասարդ կիլիկեան միաբանը, այդ բազմութիւնները կը հրապուրէր իր քարոզներով, պատգամներով ու աստուածաշնչական մեկնութիւններով, կը մագնիսացնէր զանոնք:

Հայ գիրքն ու հրատարակչական աշխատանքը աննախադէպ վերելք ապրեցան իր օրով: Հազիւ պաշտօնի ձեռնարկած` անձնական նախաձեռնութեամբ հիմնեց քանի մը մատենաշարեր, որոնց մէջ առանձնացաւ յատկապէս «ԱՅԳ»-ը: Այս մատենաշարով լոյսին բերուեցան 25 այլաբնոյթ հատորներ (կարեւոր տոկոսը` սուրիահայ գրողներու գործեր), 2005 թուականէն մինչեւ օրս: Զուգահեռաբար, հիմնեց ու գլխաւորեց Սուրիահայ գրողներու համախմբումը, որուն հաւաքական աշխատանքով ալ հրատարակուեցան «Երթ» գրական տարեգիրքի իրերայաջորդ վեց հատորները, 2005-էն սկսեալ: Դեռ աւելի՛ն. խմբագրեց ու լոյսին բերաւ «Տաթեւ» հայագիտական տարիգիրքի հաստափոր թիւ մը (2008):

Սուրիոյ ներքին պատերազմը լախտի հարուած մը եղաւ, սակայն, մեր շէն ու «երազային» քաղաքին համար: Հալէպ կիսովին քանդուեցաւ:  Հրթիռներն ու ռումբերը ապականեցին քաղաքին մթնոլորտը: Գաղութը նօսրացաւ տարապայմանօրէն, եւ հազարաւորներ ցրուեցան աջ ու ձախ:

Հովիւը, սակայն, մինչեւ վերջ մնաց իր հօտին գլուխը, պահապան հրեշտակի մը նման:

Տառապեցաւ ու տագնապեցաւ վստահաբա՛ր:

Եթէ Շահան սրբազան օրագրութիւն պահած է,  շա՜տ ու շա՜տ դրուագներ արձանագրած ըլլալու է այնտեղ` մեզի ծանօթ կամ անծանօթ եղելութիւններու մասին, որոնցմով յատկանշուեցան Հալէպի անօրինակ պատերազմին 5 տարիները…

Իր ամենավերջին գործը եղաւ Հալէպի Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ ամբողջական վերանորոգութիւնը, որ ամիսներու երկայնքին ահագին ճիգ ու քրտինք խլեց իրմէ: Ահա՛ թէ ինչո՛ւ վերանորոգեալ տաճարին մէջ իր մատուցած անդրանիկ պատարագը (31 մարտ 2019) ես կոչած էի «Յաղթանակի պատարագ»:

Հիմա, երբ մեկնած է ան մեր գաղութէն, իր յաւերժ պճլտուն աչքերն ու դէմքը շրջանակուած են այլեւս… սպիտակ մազ-մօրուքով: Այս ալեհեր դիմագի՛ծն ալ կը վայելէ իրեն: Ես իր այժմու դիմագիծը, վեղարը գլխուն, շատ կը նմանցնեմ Երուսաղէմի զմայլելի պատրիարքներէն Թորգոմ արք. Գուշակեանի դէմքին: Եւ արդէն, նկարագրային իր հիմնական գիծերով, Շահան սրբազան տեղ-տեղ կը նոյնանայ Թորգոմ պատրիարքին հետ ու, կարծէք, կը դառնայ հին ու երջանիկ շրջաններէ դէպի մեր օրերը ղրկուած առաքեալ մը…

Բարի՜ երթ, սիրելի՛ սրբազան, արեւշատ ու ստեղծարար նո՜ր հորիզոններ` նո՛ր կայծերու փոխանցումով…

(Հալէպ)