Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունած է Ֆրեզնոյի Համալսարանի Հայագիտութեան Ամպիոնի Ուսանողները

Հայաստան, Սփիւռք

Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Յունիս 9-ին  Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց Ֆրեզնոյի պետական համալսարանի (ԱՄՆ) Հայագիտութեան ամպիոնի խումբ մը ուսանողներ` ուղեկցութեամբ ամպիոնի վարիչ դոկտոր Պարլոու սարկաւագ Տէր Մկրտչեանի:

Ինչպէս կը տեղեկացնեն Մայր Աթոռի տեղեկատուական բաժինէն, Հանդիպման ընթացքին Պարլոու սարկաւագը Նորին Սրբութեան տեղեկացուց, որ համալսարանի աւելի քան քսանհինգ հազար ուսանողէն հինգ հարիւրը հայ են, իսկ Հայագիտութեան ամպիոնի դասերուն տարեկան կը մասնակցի շուրջ հարիւր յիսուն ուսանող: ՏէրՄկրտչեան ընդգծեց, որ ամէն անգամ, երբ Հայաստան կու գայ, անպայման կ՛այցելէ Մայր Աթոռ, որպէսզի լիցքաւորուի ու ներշնչուի եւ այդ նոյն ներշնչումը փոխանցէ իր ուսանողներուն, որ զգան, թէ որքան զօրեղ է Հայաստանեաց Եկեղեցին եւ ինչպիսի կարեւոր դեր կը խաղայ հայ իրականութեան մէջ:

Այնուհետեւ համալսարանականներուն ողջունեց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։ Ան իր գնահատանքը յայտնեց Պարլոու Տէր Մկրտչեանին` հայ երիատասարդներուն հայրենիքի հետ մշտապէս կապելու, անոնց հայկական ոգի, շունչ ու կրթութիւն փոխանցելու համար:

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երիտասարդներուն պատգամեց ըլլալ ժրաջան եւ ուսումնատենչ, որպէսզի ապագային, ուր որ ալ բնակին, իրենց նուիրեալ ու արդիւնաւէտ ծառայութիւնը բերեն հայ ժողովուրդին ու Հայոց Եկեղեցիին: Վեհափառ Հայրապետը խումբին մաղթեց բարի կեցութիւն հայրենիքի մէջ` շրջելու պատմամշակութային տարբեր վայրերով, հիանալու դարաւոր սրբավայրերով եւ վայելելու ժողովուրդի ջերմութիւնն ու հիւրընկալ ոգին: