Արթուր Աղաբեկեան Հրաժարական Տուաւ Արցախի Հանրապետութեան Նախագահի Խորհրդականի Պաշտօնէն

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Յունիս 10-ին ստորագրեց հրամանագիր, որուն համաձայն` Արթուր Աղաբեկեան կ՛ազատուի Արցախի Հանրապետութեան նախագահի խորհրդականի պաշտօնէն` իր դիմումի համաձայն:

Այս մասին կը յայտնէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ վարչութիւնը:

Ան այդ պաշտօնին նշանակուած էր 2017 թուականի Հոկտեմբեր 13-ին: