ՄԻԵԴ-ը Մանուէլ Գրիգորեանի Վերաբերեալ Որոշում Կայացուցած է

Աշխարհ, Հայաստան

Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը ՀՀ կառավարութենէն կը պահանջէ հնարաւորին չափ սեղմ ժամկէտի մէջ Մանուէլ Գրիգորեանին տեղափոխել բժշկական հաստատութիւն:

Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը 2019-ի Յունիս 6-ի որոշումով բաւարարած է Մանուէլ Գրիգորեանի պաշտպաններու միջնորդութիւնը` անոր առողջական վիճակին հետ կապուած միջանկեալ միջոց ձեռնարկու վերաբերեալ:

ՄԻԵԴ–ը, Մանուէլ Գրիգորեանի ծանր առողջական վիճակը հաշուի առնելով, ՀՀ կառավարութենէն կը պահանջէ հնարաւորին չափ սեղմ ժամկէտի մէջ ապահովել դիմումատուի տեղափոխումը բժշկական հաստատութիւն:

Բացի այդ ՄԻԵԴ–ը ՀՀ կառավարութենէն պահանջած է մինչեւ Յունիս 12 համապատասխան տեղեկատւութիւն ներկայացնել, որու հիման վրայ կրկին պիտի քննէ միջանկեալ միջոց ձեռնարկելու վերաբերեալ միջնորդութիւնը:

Նշենք, որ օրեր առաջ ալ Գրիգորեանի պաշտպանները շտապ բողոք ուղարկած էին ՄԻԵԴ՝ յայտնելով, որ Մանուէլ Գրիգորեանը կը խոչընդոտեն պատշաճ բուժօգնութիւն ստանալու եւ այսպիսով անոր խոշտանգման կ՛ենթարկեն: