Փարիզի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենան «Փարոս»-ի եւ «VOX SIRENIS» Ֆրանսական Երգչախումբի Համատեղ Համերգները

Այլեւայլ, Հայաստան

Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեայ յոբելեանին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս Յունիս 17-23, Փարիզի մէջ տեղի պիտի ունենան «Փարոս» կամերային երգչախումբի եւ «VOX SIRENIS» ֆրանսական երգչախումբի համատեղ համերգները:

ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարութեան հաղորդմամբ, հայկական եւ ֆրանսական երգչախումբերու համատեղ համերգները պիտի կայանան Փարիզի լաւագոյն համերգասրահներուն մէջ: Հանդիսատեսը անոնց կատարմամբ հաղորդակից պիտի ըլլայ հայ եւ օտարերկրեայ դասական երգահաններու ստեղծագործութիւններուն: