Արդարադատութեան Նախարար Արտակ Զէյնալեան Հրաժարականի Դիմում Ներկայացուցած է

Հայաստան

Արտակ Զէյնալեան հրաժարականի դիմում ներկայացուցած է Արդարադատութեան նախարարի պաշտօնէն: Այս մասին ան գրած է ֆէյսպուքի իր էջին մէջ:

«Սիրելի՛ ընկերներ, իմ սիրելի՛ ժողովուրդ,
Արդարադատութեան նախարարի պաշտօնէն հրաժարականի դիմում ներկայացուցած եմ:0 Մեր ժողովուրդին համար այս պատմական ժամանակահատուածին նախարարի պաշտօնը ստանձնելը գերպատասխանատու, բայց եւ իրաւապաշտպանի գործունէութիւն ծաւալելու ընթացքին ի յայտ եկած իրաւական խնդիրները քայլ առ քայլ լուծելու հնարաւորութիւն ունենալուն միտուած քայլ էր: Գոհ եմ այդ քայլէն, շնորհակալ եմ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին արդարադատութեան նախարարի պաշտօնին իմ թեկնածութիւնը առաջարկելու համար, շնորհակալ եմ Նախարարութեան աշխատակիցներուն համատեղ հետաքրքիր, արգասաբեր ու պատասխանատու աշխատանքին համար: Շնորհակալ եմ միջազգային գործընկերներուն, քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներուն համատեղ աշխատանքի համար:

Վստահ եմ` լաւ պիտի ըլլայ, … սակայն, եթէ լաւ չըլլայ, ուրեմն` շատ լաւ:

Յարգանքով` Արտակ»: