Պորկաս Եւ Արչուլեթա Միացան Հայկական Համախմբումին

Աշխարհ, Սփիւռք

Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամներ Պապ Արչուլեթա եւ Անտրէաս Պորկաս միացան Քալիֆորնիոյ Օրէնսդիր մարմինի հայկական համախմբումին։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ասպարէզ»-ը։

Ֆրեզնոյէն Անտրէաս Պորկաս կը յայտնէ, թէ հպարտ է «հայ փեսա» ըլլալով՝ յիշեցնելով, որ

Ֆրեզնոյի հայութեան շնորհիւ մօտէն ծանօթ է հայ մշակոյթին եւ հայոց պատմութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի վերջին իրադարձութիւններուն։

Իր կարգին, Փիքօ Ռիվերայէն Պապ Արչուլեթա կը յիշեցնէ, թէ իրեն համար պատիւ է սպասարկել ընտրատարածքի հայութեան՝ յիշեցնելով, որ ընտրատարածքին մէջ կ՛իյնան Մեսրոպեան Ազգային վարժարանը եւ Հայոց Ցեղասպանութեան Մոնթեպելլոյի յուշարձանը, իսկ հոն կը գործեն հայկական շարք մը կազմակերպութիւններ։

Նշենք, որ Քալիֆորնիոյ օրէնսդիր մարմինի Հայկական համախմբումին միւս անդամներն են՝ Էնթընի Փորթանթինօ, Սքաթ Ուիլք, Իան Քալտերոն, Քանսեն Չու, Պրայըն Տալ, Լորա Ֆրիտմըն, Ճես Կապրիէլ, Ատրին Նազարեան, Լուզ Ռիվազ եւ Պլանքա Ռուպիօ: