Ելեւմուտքի Նախարարը Նախորդ Տարուան Տնտեսութեան Աճի Կառուցուածքը Գոհացուցիչ Չի Համարեր

Հայաստան

Հայաստանի մէջ նախորդ տարուան տնտեսական աճի կառուցուածքին մէջ Ելեւմուտքի նախարարութեան սպասումները չեն արդարացուած: Ըստ Armenpress.am-ի հաղորդման` Ազգային ժողովէն ներս 2018-ի պետական պիւտճէի կատարման մասին տարեկան հաշուետւութիւնը ներկայացնելու ժամանակ՝ այս մասին ըսած է նախարար Ատոմ Ջանջուղազեան:

«Տնտեսական աճի կառուցուածքին ուշադրութիւն դարձնելով պէտք է արձանագրենք, որ այն փոփոխութիւնները, որոնք կ՝ակնկալենք եւ որոնց ուղղութեամբ ջանք կը ներդնենք, չենք կրնար գնահատել, որ իրենց ցանկալի արդիւնքը տուած են 2018-ին: Այդ աճին մէջ մեծ կշիռ ունի ծառայութիւններու ոլորտը: Մեր սպասումները չեն կրնար գնահատուիլ իբրեւ ցանկալի արձանագրութիւն: Եւ ասիկա մեզի կը յուշէ, որ այն գործողութիւններն ու յայտարարած նպատակները, որոնք արձանագրուած են կառավարութեան ծրագիրով, այլընտրանք չունին. պիտի ջանք գործադրենք, որ փոխուի տնտեսութեան կառուցուածքը, որ ունենանք այնպիսի տնտեսութիւն, որ յայտարարած ենք: Սակայն 2018-ի համար ունինք այն, ինչ ունինք»,- ներկայացուցած է Ջանջուղազեան:

Ան միեւնոյն ժամանակ նշած է, որ գնաճային ցուցանիշները մնացած են օրէնքով նախատեսուած միջակայքին վրայ, մօտ 4 տոկոս կը կանխատեսուէր: Գնաճը կազմած է 2.5 տոկոս, որ կը բացատրուի յատկապէս ոչ պարէնային ապրանքներու գիներու աճով, սննդամթերքը եւ ոչ ալքոհոլային խմիչքներու գիները աճած են 0.9 տոկոսային կէտով: Միջին ամսական անուանական աշխատավարձը կազմած է 172,727 դրամ: Ի դէպ, պետական հատուածէն ներս աշխատավարձը կը շարունակէ մնալ աւելի ցած, քան՝ մասնաւորի մէջ: