Բացառիկ լուսանկար` Սողոմոն Թեհլիրեանի Դատավարութենէն, Երբ Գերմանական Դարարանը Արդարացուց Զայն

Այլեւայլ, Սփիւռք

Այս բացառիկ լուսանկարը առնուած է Սողոմոն Թեհլիրեանի դատավարութեան նիստերէն մէկու մը ժամանակ` 1921-ի Յունիս 2-ին կամ 3-ին, Պեռլինի մէջ: Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան հիմնարկը հրապարակած է լուսանկարը` ներկայացնելով պատմական ակնարկ.

«1921-ի Մարտ 15-ին Սողոմոն Թեհլիրեան Պեռլինի մէջ գնդակահարեց Օսմանեան կայսրութեան ներքին գործոց նախկին նախարար Թալէաթը: Վերջինս ծպտուած Գերմանիա տեղափոխուած էր` փոխելով արտաքինը եւ անձնական տուեալները:

1921-ի Յունիսին Պեռլինի մէջ տեղի ունեցաւ Սողոմոն Թեհլիրեանի դատավարութիւնը, որ տեւեց երկու օր: Դատավարութեան ընթացքին Թալէաթի դէմ վկայութիւն տուին գերմանացի բարձրաստիճան սպայ Լիման ֆօն Սանտերս, յայտնի հասարակական գործիչ Յոհաննէս Լեփսիուս, ցեղասպանութիւնը վերապրած հայեր: Ս. Թեհլիրեանը կը պաշտպանէին Գերմանիոյ անուանի իրաւաբանները: Դատապաշտպանները Թալէաթի յանցանքը հիմնաւորելու համար օգտագործեցին բնօրինակ հեռագիրներ, ուր Թուրքիոյ ներքին գործոց նախկին նախարարը հայերու բնաջնջման եւ տեղահանութեան հրամաններ կու տար:

Դատավարութեան ընթացքին ներկայացուած փաստերու ու վկայութիւններու արդիւնքով գերմանական դատարանը արդարացուց Սողոմոն Թեհլիրեանը: