«Հայոց Ցեղասպանութեան Փոքրիկ Վերապրողները․ Դրուագներ» Խորագրով Ցուցադրութիւն

Այլեւայլ, Հայաստան

Յունիս 1-ին, ժամը 14:00-ին, «Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ» հիմնադրամի գիտաժողովներու նախասրահին մէջ բացումը պիտի կատարուի «Հայոց Ցեղասպանութեան փոքրիկ վերապրողները․ դրուագներ» խորագրով ցուցադրութիւն, որ նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրած երեխաներուն, որոնց մէկ մասը բռնի իսլամացան, իսկ տասնեակ հազարաւոներ ապաստան գտան որբանոցներու մէջ։

Ցուցադրութեան նպատակը ցեղասպանութիւններու ժամանակ երեխաներու իրաւունքների ոտնահարման դատապարտումն ու անոնց իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցի բարձրացումն է։

Երկլեզու (հայերէն, անգլերէն) ցուցադրութեան մէջ ներառուած են Ազգերու Լիկայի արխիւի հայ երեխաներու որոշ հարցազրոյցներ, ինչպէս նաև թանգարանի արխիւին ու մէջ պահուող անձնական իրեր, լուսանկարներ, բացիկներ, նամականիշներ ևայլն:

Ցուցադրութիւնը պիտի տեւէ մինչև Յունիս 4: