«Armenia Wine» Ընկերութեան Եօթ Յաղթական Գինիները

Հայաստան

Հայկական տասնեօթ գինիներ, որոնցմէ եօթը «Armenian wine» ընկերութենէն, բարձր մրցանակներու արժանացած են հեղինակաւոր «Decanter World Wine Awards» միջազգային մրցոյթին:

«Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` 16 տարի անընդմէջ Միացեալ Թագաւորութեան մէջ տեղի ունեցող «Decanter World Wine Awards» միջազգային մրցոյթը կը համարուի աշխարհի մէջ գինեգործութեան մրցոյթներէն խոշորագոյնն եւ ամենաազդեցիկներէն մէկը: Իւրաքանչիւր տարի գինիի որակ սահմանող այս հեղինակաւոր մրցոյթին կը մասնակցին հազարաւոր արտադրողներ աւելի քան 47 երկիրներէ: Մրցոյթին ներկայացուած գինիները կը գնահատեն 200-է աւել ոլորտի համաշխարհային մասնագէտներ եւ փորձագէտներ:

Այս տարի «Decanter World Wine Awards»-ի մէջ ներկայացուած հայկական գինիներէն տասնեօթը արժանացած են ոսկէ, արծաթէ եւ պրոնզէ մետալներու, գնահատուած «Գովելի» չափանիշով:

 «Armenian wine»-ը 2014-էն կը մասնակցի սոյն մրցոյթին եւ այս տարի հայկական տասնեօթ մրցանակներէն եօթը բաժին ինկած է անոր: Այս մրցանակները կը վկեն, որ ընկերութիւնը յանձնառու է արտադրել որակեալ, համաշխարհային չափորոշիչներուն համապատասխան հայկական գինիներ, որոնք մրցունակ են միջազգային շուկայի մէջ: Մրցանակի արժանացած են ընկերութեան տարբեր ոճի գինիներ` կարմիր, սպիտակ եւ վարդագոյն` պատրաստուած հայկական խաղողի տեսակներէն, ինչպէս նաեւ հայկական եւ ֆրանսական տեսակներու միախառնումէն», -իր խօսքին մէջ նշած է առեւտուրի եւ հաղորդակցութեան տնօրէն Քրիստինէ Վարդանեան:

Armenian wine-ի մրցանակակիր գինիներն են`
«Տակառ»  Արենի կարմիր չոր 2017, մրցանակը` պրոնզ
«Տակառ»  Արենի վարդագոյն չոր 2018, մրցանակը` «Գովելի»

«Տակառ»  կանգուն սպիտակ էքսթրա բրուտ փրփրուն գինի 2017

«Տակառ»  կանգուն սպիտակ չոր 2017, մրցանակը` պրոնզ

«Տակառ»  Արենի վարդագոյն էքսթրա բրուտ փրփրուն գինի 2017, մրցանակը` պրոնզ

«Թարիրի»  Արենի, Կաբերնէ Սովինեոն, Մեռլո կարմիր չոր 2017, մրցանակը` պրոնզ
«Թարիրի»  կանգուն, Ալիգօտէ, Շէնեն սպիտակ չոր 2017, մրցանակը` «Գովելի»