Թուրքիոյ Մէջ Տնտեսական Խոր Ճգնաժամ է․ Կարօ Փայլան

Աշխարհ, Սփիւռք

Թուրքիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Կարօ Փայլան Twitter-ի իր էջին մէջ գրած է այս տարուան առաջին երեք ամսուամ Թուրքիոյ տնտեսութեան ցուցանիշի վերաբերեալ:

Փայլան յայտնած է, որ ընթացիկ տարուան առաջին երեք ամսուան մէջ Թուրքիոյ տնտեսութիւնը 2.6 %-ով անկում արձանագրած է, իսկ կենցաղային սպառման ծախսերը նուազած են 4.7%-ով:

«Մեր ապրուստը գողցած են: Այնպիսի տնտեսական խոր ճգնաժամի մէջ ենք, որ աղքատներն ալ աւելի չքաւոր դարձած են»,- ermenihaber-ի փոխանցմամբ` մեկնաբանած է պատգամաւորը: