Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցին Կը Վերանորոգուի. 4 Տարուան Ընդմիջումէ Ետք Հայեր Վերստին Կրցան Եկեղեցի Մուտք Գործել

Աշխարհ, Էրկիր

Կարօտ Սասունեան

Քիւրտ  զինեալներու եւ թրքական բանակի միջեւ բախումներու կիզակէտին` Կեաւուր թաղամասին մէջ, գտնուող Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին 2015-ի գնդակոծումներու պատճառով մեծ վնասներ կրած է: 2011-ին վերանորոգուած  եկեղեցին դարձալ աւերուած է: Բախումներու պատճառով, 2015-էն սկսած, Կեաւուր թաղ մուտքը արգիլուած է: Այստեղ գտնուելու պատճառով արգիլուած է նաեւ մուտքը Սուրբ Կիրակոս եկեղեցի: Ի հարկէ թաղամասին մէջ գտնուող այլ եկեղեցիներ (Սուրբ Գէորգ հայկական կաթողիկէ եկեղեցի, Սուրբ Փրկիչ հայկական աւետարանական եկեղեցի, Սուրբ Աստուածածին ասորական եկեղեցի) մուտքը եւս արգիլուած է:

1915-էն սկսած` տեղի հայկական համայնքը կործանելու համար եկեղեցին որպէս  թրքական եւ գերմանական միացեալ ուժերու պահեստ ու ռազմակայան օգտագործուած էր: Որոշ ժամանակ անց, կրկին Տիարպեքիրի եւ շրջակայ  քաղաքներու` Ցեղասպանութենէն փրկուած հայերէն համայնք ձեւաւորելու  նպատակով սոյն եկեղեցին վերանորոգուած էր եւ նորէն սկսած էր գործելու:

1980-ականներուն Տիրապեքիրի մէջ ապրող հայերը, ռազմական ճնշումներու պատճառով,  կրկին ստիպուած եղան արտագաղթելու: Այս ժամանակներէն սկսած`  անտարբերութեան մատնուած եկեղեցին կրկին վերանորոգուեցաւ 2011-ին` Սփիւռքի հայերու եւ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի աջակցութեամբ: Սակայն եկեղեցական արարողութիւնները այստեղ  արգիլուած էին: Միայն տարին մէկ անգամ,  Սուրբ Զատիկի տօնին ոչ պաշտօնապէս պատարագ կը մատուցուէր:

2015-ին  Սուրբ Զատկի տօնէն անմիջապէս ետք քիւրտ եւ թուրք զինեալներու  միջեւ սկսած բախումներու, գնդակոծման եւ հրդեհի  պատճառով եկեղեցին մեծ վնասներ կրեց եւ աւերուեցաւ: 2015-էն ետք թրքական պետութիւնը, Սուր շրջանի  քանի մը թաղամասեր  մուտքը արգիլելով,  մօտաւորապէս  3500-4000 տուներ եւ աշխատավայրեր պետականացուց, այսինքն՝  պետութեան սեփականութիւնը դարձուց:

Անոնց շարքին էր նաեւ Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին: Միայն եկեղեցւոյ Ղեկավար  խորհրդի եւ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի ջանքերուն շնորհիւ եկեղեցին կրկին վերադարձուեցաւ Ղեկավար խորհուրդին: Կատարուած ջանքերուն շնորհիւ թրքական պետութիւնը հանդէս եկաւ եկեղեցին վերանորոգելու մասին յայտարարութեամբ: Սակայն վերանորոգման ուղղութեամբ առ այսօր ոչ մէկ քայլ ձեռնարկուած էր:

Չորս  տարուան դադարէ ետք, երէկ Հայաստանէն եկած խումբի մը հետ կրցանք Սուրբ Կիրակոս եկեղեցի  մտնել: Վերջապէս եկեղեցւոյ վերանորոգումը սկսած էր:  Եւ չորս տարուան դադարէ մը ետք կրկին կրցանք մոմ վառել ու աղօթք ընել այնտեղ:

Նման իրադարձութեան համընկնումը 1918-ի Մայիս 28-ին ստեղծուած Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 101-ամեակին հետ մեզ ուրախացուց:  Այդ առթիւ կը շնորհաւորեմ մեր Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան  հիմնադրման տարելիցը:

Թարգմանեց Անժելա Սարգսեանը