Արցախը Պատրաստ է ConiFA-ի Եւրոպայի Ախոյեանութեան Կազմակերպման. Նախարար

Հայաստան

ConiFA-ի (Անկախ ֆութպոլային միութիւններու ընկերակցութիւն) Եւրոպայի ախոյեանութեան մասնակից Արցախի ֆութպոլի հաւաքականէն մենք ունինք մեծ ակնկալիքներ:

Այս  մասին  «Արցախփրես»-ի թղթակիցին  հետ  զրոյցի ընթացքին ըսած է Արցախի կրթութեան, գիտութեան  եւ մարմնամարզութեան նախարար  Նարինէ Աղաբալեան:

Ըստ անոր`  շատ կարեւոր է նաեւ խումբի անդամներուն խաղերէն առաջ ոգեւորելը:

«Վստահ եմ, որ  այսօր`  Մայիս 29-ին, Արցախի  նախագահին հետ հանդիպումը  աւելի պիտի քաջալերէ Արցախի  ֆութպոլի հաւաքականի անդամները`  արժանապատւութեամբ հանդէս գալու  ախոյեանութեան»,- նշած է նախարարը:

Խօսելով ախոյեանութեան նախապատրաստական  աշխատանքներուն մասին` Աղաբալեան ըսած է, որ գործերը գրեթէ աւարտած  են,  եւ վաղուընէ իրենք կը սպասեն  ConiFA-ի ներկայացուցիչներուն  եւ հիւրերուն Արցախի մէջ ընդունելու:  Ախոյեանութեան  հանդէս պիտի գան 8 խումբ․ ատիկա կը համապատասխանէ  ConiFA-ի  ձեւաչափերուն: Խումբերը պիտի մրցին  4 մարզադաշտերու մէջ`  Ստեփանակերտի, Ասկերանի, Մարտունու  եւ  Մարտակերտի: Յունիս 1-ին` ժամը  20:00-ին, Ստեփանակերտի Ստեփան Շահումեանի անուան մարզադաշտին մէջ տեղի պիտի ունենայ  ConiFA-ի առաջնութեան բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:

«Ախոյեանութեան մուտքը ազատ է: Մենք ամէն ինչ պիտի ընենք, որ իւրաքանչիւր ոք հնարաւորութիւն ունենայ ներկայ գտնուելու խաղերուն բացումին: Վստահ եմ, որ ոչ միայն  ֆութպոլասէրներու, այլեւ  բոլորի համար պիտի կարենանք  ապահովել տօնական  տրամադրութիւն:  Այս  առաջնութիւնը  մեծապէս  պիտի խթանէ  ե՛ւ  ֆութպոլի զարգացման,  ե՛ւ  Արցախի  ճանաչման,  ե՛ւ թէ մեր հայրենիքի հզօրացման: Քանի որ այս  առաջնութիւնը նախադէպ է մեզի  համար, մենք հնարաւորինս  պատրաստուած ենք բարձր մակարդակով:  Անիկա նաեւ մեզի  համար  իւրօրինակ   փորձառութիւն պիտի ըլլայ` յետագային  նման նախաձեռնութիւններ  կազմակերպելու համար»,- աւելցուցած է ան։

Անդրադառնալով  ախոյեանութեան ֆինանսաւորման ՝ Աղաբալեան  նշած է, որ ատիկա կ՛իրականացուի պետական  ամավարկի եւ  հովանաւորներու աջակցութեամբ: Հովանաւորներէն  մասնաւորապէս  նախարարը յիշած է ամերիկահայ  բարերար  Ալպերթ Պոյաճեանը, որ 1 միլիոն տոլար  տրամադրած է Արցախի 4 մարզադաշտերու վերանորոգման:

Նախարարը  նշած է նաեւ,  որ իրենք  շարունակաբար կը ստանան օգնութիւն:

Այն  հարցումին, թէ Ատրպէյճան ինչպէս կը վերաբերի Արցախի մէջ ConiFA-ի ախոյեանութեան իրականացման՝  նախարարը մասնավարապէս  պատասխանած է. «Ես կողմնակից  եմ, որ  մենք  մեր որեւէ նախաձեռնութիւն չկապենք Ատրպէյճանի արձագանգներուն հետ: Այս  տարիներու ընթացքին մենք երբեք կանգ չենք  առած, եւ  չենք մտածեր Ատրպէյճանի արձագանքներուն մասին:  Մենք ամէն ինչ կ՛ընենք խաղաղութիւնը  աւելի կայուն դարձնելու համար, կը զարգացնենք մշակոյթը, մարմնամարզութիւնը եւ հանդէս կու գանք խաղարար նախաձեռնութիւններով: Եթե նոյնիսկ կա յ իրենց  կողմէ  բացասական  արձագանգներ, ատիկա միայն կը խօսի իրենց անհանդուրժողականութեան մասին»: