Փաշինեան Չկարենալով Վերափոխել Երկիրը` Կրկին Տարուեցաւ Զինք Իշխանութեան Բերած Ժողովրդականութեան․ Freedom House-ի Փորձագէտ

Աշխարհ, Հայաստան

Freedom House-ի Յատուկ հետազօտութիւններու տնօրէն (Director for Special Research) Նէյթ Շէնքան անդրադարձած է այսօր առտուընէ ՀՀ բոլոր դատարաններուն մուտքերն ու ելքերը փակելու Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կոչին:

Յետյեղափոխական Հայաստանի մէջ վտանգը միշտ այն էր, որ Փաշինեան, չկարենալով երկիրը վերափոխել արագ ու կայուն կերպով, կրկին կը վերադառնայ ժողովրդականութեան (populism), որ զայն հասցուց իշխանութեան: Ահա եւ այդտեղ ենք»,-այս մասին թուիթըրի մէջ գրած է Նէյթ Շէնքան, կը յայտնէ Panorama.am-ը: