Ին՞չ Կ՛ընէ Յեղափոխական Առաջնորդը, Երբ Ուզածը Չի Ստանար. Թոմաս տէ Վաալ

Աշխարհ, Հայաստան

 «Երբ յեղափոխական առաջնորդը չի ստանար այն, ինչ կը ցանկայ, արդեօ՞ք ան կ՛երթայ մանրակրկիտ բարեփոխումներու ճանապարհով, թէ՞ կը վերսկսի յեղափոխութեան: Անհանգստացնող նշաններ, որ Փաշինեան Հայաստանի մէջ կ՛երթայ երկրորդ ուղիով»,-այս մասին թուիթըրի մէջ գրած է Կովկասի հարցերով փորձագէտ Թոմաս տէ Վաալ` անդրադառնալով այսօր ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութեան, որ դատական համակարգին մէջ անհրաժեշտ են վիրահատական միջամտութիւններ:

Յիշեցնենք, որ այսօր առաւօտեան 8.30-էն քաղաքացիները արգելափակած էին Հայաստանի դատարաններու մուտքերը` վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յորդորով:

Այսօր ժամը 12-ին վարչապետը ուղիղ եթերով ելոյթ ունեցաւ դատաիրաւական  համակարգի վերաբերեալ ու կոչ ըրաւ քաղաքացիներուն ժամը 13.30-էն բանալ բոլոր դատարաններուն մուտքերը: