Հայաստանը Դուրս Մնաց «Եւրոտեսիլ 2019» Եզրափակիչ Փուլէն

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան

«Եւրոտեսիլ 2019» երգի միջազգային մրցումի երկրորդ կիսաեզրափակիչը երէկ երեկոյեան յաղթահարեցին Հիւսիսային Մակեդոնիան, Հոլանտան, Ալպանիան, Շուէտը, Ռուսիան, Ատրպէյճանը, Դանիան, Նորվեկիան, Զուիցերիան եւ Մալթան:

Հայաստանը այս մրցումին ներկայացնող Սրբուհի Սարգսեան «Ուոքինկ աութ» երգով հրաշալի ելոյթ ունեցաւ, բայց չանցաւ եզրափակիչ:

Մայիս 14-ին տեղի ունեցած մրցումի առաջին կիսաեզրափակիչէն ետք՝ եզրափակիչ փուլ անցած էին Յունաստանը, Պիելոռուսիան, Սերպիան, Կիպրոսը, Էսթոնիան, Չեխիան, Աւստրալիան, Իսլանտան, Սան Մարինոն եւ Սլովենիան:

Եզրափակիչ փուլը տեղի պիտի ունենայ Մայիս 18-ին: