Եթէ Նոյնիսկ Մայրը Համաձայնի, Երեխան Չի Կրնար Կրօնը Փոխել. Պատրիարքական Փոխանորդ

Աշխարհ, Սփիւռք

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան գրաւոր յայտարարութիւն մը տարածեց Թուրքիոյ մէջ հայաստանցի 13-ամեայ պատանիին՝ իսլամութիւն ընդունելու աղմկայարոյց միջադէպին վերաբերեալ: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։

Աթէշեան յայտարարութեան մէջ կը նշէ, որ այս ցաւալի միջադէպը անընդունելի է ոչ միայն հայ համայնքին, այլ իսլամական համայնքի շարք մը շրջանակներու կողմէ:

Վերջինս տեղեկացուց, որ իր հետ կապ հաստատած է այդ հաղորդումը վարած Նիհաթ Հաթիպօղլու՝ պնդելով, որ հայ երեխան ինքնակամ եկած է հաղորդումին՝ աւելցնելով, որ քրիստոնէութիւնը կամ հայերը նուաստացնելու նպատակ չէ ունեցած:

Ապա Աթէշեան շարադրած է դէպքին վերաբերեալ Հաթիպօղլուին յայտնած իր դիրքորոշման հետեւեալ դրոյթները.

  1. Նախ, 13 տարեկան երեխան չափահաս չէ եւ չի կրնար կրօնափոխ ըլլալու որոշում տալ:
  2. Նման ուղղուածութեամբ հաղորդումը միայն կրօնական քարոզոչութեան տպաւորութիւն կը ստեղծէ եւ չի կրնար կապ ունենալ խիղճի ազատութեան հետ:
  3. Եթէ նոյնիսկ մայրը համաձայնութիւն տայ, երեխան չի կրնար կրօնը փոխել: Եթէ երեխային հայրը չկայ եւ ողջ է միայն մայրը, մայրը նոյնպէս պէտք է իսլամ ըլլայ եւ այդ պարագային երեխան ինքնաբերաբար իսլամ կը համարուի: Եթէ երեխային հայրը ողջ է եւ իսլամ է, երեխան այսպէս թէ այնպէս հօր կրօնի ներկայացուցիչ կը համարուի: Այսպիսով, այդ յայտագիրը անիմաստ է:
  4. Մենք՝ իբրեւ հայերը ներկայացնող եկեղեցի, նոյնիսկ 18 տարեկանը բոլորածներուն չենք ընդունիր քրիստոնէութեան շարքերը, մինչեւ չկանչենք ընդունուողի ընտանիքին անդամները եւ ստանանք անոնց գրաւոր համաձայնութիւնը: Ընդունելիք կրօնի մասին պատկերացում ունենալու համար, 6 ամիս տեւողութեամբ հոգեւոր եւ բարոյական պատրաստութիւն կը կատարուի ու անկէ ետք՝ մկրտութիւն:
  5. Մենք բոլոր կրօններուն նկատմամբ յարգանք ունինք: Կասկած չունիմ, որ դուք ալ այլ կրօններու նկատմամբ յարգանք ունիք: Ցաւալի է, որ նման բաներ կը շահագործուին կայաններուն կողմէ:

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը խորհուրդ տուաւ պոլսահայ համայնքին, որ զարգացումներուն հետեւի հանդարտօրէն՝ աւելցնելով, որ Թուրքիոյ կրօնական գործերու վարչութեան ղեկավար Ալի Էրպաշ խոստացած է հետաքննել այս հարցը:

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ Մարդկային իրաւունքներու կազմակերպութիւնը յայտարարեց, որ Արթուր անունով հայ պատանին «կրօնափոխ ըրած» իսլամի քարոզիչ եւ հաղորդավար Հաթիպօղլուի դէմ դատական հայց պիտի ներկայացնէ: