ԹՈՒՄՕ-ի Տնօրէնը Արժանացաւ Ֆրանսայի «Ասպետ» Կոչման

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Չորեքշաբթի, 15 Մայիսին, Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկօ ԹՈՒՄՕ-ի տնօրէն Մարի Լու Փափազեանին յանձնեց Ֆրանսայի Հանրապետութեան պատուաւոր «Palmes Acade-miques» մրցանակը ու «ասպետ» կոչումը:

«Առանց քեզ, Մարի Լու, ԹՈՒՄՕ-ն գոյութիւն չէր ունենար ո՛չ Հայաստանի, ո՛չ Փարիզի մէջ: Եթէ այս մետալը պէտք է ստեղծուէր, անիկա պէտք է ըլլար քեզի համար: Դուն աշխարհի քաղաքացի ես: ԹՈՒՄՕ կը նշանակէ ազատութիւն: Անիկա աշխարհի լաւագոյն դպրոցն է: ԹՈՒՄՕ-ի խումբը շատ հպարտ է»,- ըսաւ Անն Իտալկօ եւ շքանշանը յանձնեց Մարի Լու Փափազեանին: