Հարկ է Վերսկսիլ Ուղղակի Եռակողմ Բանակցութիւնները եւ Հետեւողականօրէն Ամրապնդել Հրադադարը. Արցախի ԱԳՆ Յայտարարութիւնը

Հայաստան

Արցախի  Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածած է լեռնային Ղարաբաղի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ կնքուած հրադադարի մասին համաձայնագրի 25-ամեակի առիթով:

Ստորեւ կը ներկայացնենք Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը:

 25 տարի առաջ ուժի մէջ մտած է Կրակի եւ ռազմական գործողութիւններու լիակատար դադրեցման մասին եռակողմ համաձայնագիրը, որ ստորագրուած է Արցախի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի կողմէ` Ռուսիոյ միջնորդութեամբ: 1994-ի Յուլիս 26-27, լրացուցիչ պայմանագիր ստորագրելով, բոլոր երեք կողմերը հաստատած են հրադադարի անժամկէտ բնոյթը` ընդհուպ մինչեւ ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան վերջնական կարգաւորումը:

1994-ի Մայիս 12-ի Համաձայնագիրը ունի առանցքային նշանակութիւն, քանի որ ան վերջ դրաւ ատրպէյճանական իշխանութիւններու կողմէ սանձազերծուած պատերազմին, հակամարտութիւնը տեղափոխեց քաղաքական-դիւանագիտական հուն եւ պայմաններ ստեղծեց, որպէսզի կողմերը միջազգային միջնորդներու աջակցութեամբ կարենան իրենց ջանքերը անմիջականօրէն կեդրոնացնել բանակցութիւններու միջոցով հակամարտութեան վերջնական կարգաւորման ուղիներ փնտռելու վրայ:

Սոյն Համաձայնագրի ստորագրումը, որ առ այսօր հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ միակ իրական ձեռքբերումն է, հնարաւոր դարձած է շարք մը գործօններու շնորհիւ: Նախ` Արցախի Պաշտպանութեան բանակը յաջողեցաւ ետ մղել Ատրպէյճանի զինուած յարձակումը, լրջօրէն խաթարել Պաքուի ռազմական ներուժը եւ հարկադրել անոր նստելու բանակցային սեղանին շուրջ: Երկրորդ, յայտնուելով լուրջ ռազմական պարտութիւններու առջեւ, Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը ոչ միայն դադրած էր խոչընդոտելէ բանակցային գործընթացին մէջ Արցախի լիարժէք ներգրաւուածութիւնը` որպէս հակամարտութեան հիմնական կողմերէն մէկը, այլեւ ինք բազմիցս նախաձեռնած է պաշտօնական Ստեփանակերտի հետ անմիջական շփումներ, ինչպէս նաեւ` ամենաբարձր մակարդակով: Այս շփումներու շնորհիւ ձեռք բերուծ է շուրջ 10 պայմանաւորուածութիւն` ռազմական գործողութիւններու սահմանափակման, ժամանակաւոր հրադադարի կամ ատոր երկարաձգման մասին, որ յանգեցուցած է կրակի եւ ռազմական գործողութիւններու լիակատար դադրեցման մասին անժամկէտ համաձայնագրի ստորագրման:

Այսօր` 25 տարի անց, 1994-ի Մայիս 12-ի Համաձայնագիրը կը շարունակէ մնալ հրադադարի եւ Հարաւային Կովկասի մէջ տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան պահպանման իրաւական հիմքը: Այս փաստը անվերապահօրէն ընդունուած է միջազգային հանրութեան կողմէ, որուն մասին կը վկայէ արձագանգը 2016-ի Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած ապրիլեան պատերազմին ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու` Ռուսիոյ, ԱՄՆ եւ Ֆրանսայի, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ Գլխաւոր քարտուղարի, ԵԱՀԿ Գործող նախագահի եւ Եւրոպայի խորհուրդի Գլխաւոր քարտուղարի, որոնք կոչ ըրին խստօրէն հետեւելու 1994-ի Մայիս 12-ի կրակի լիակատար դադրեցման մասին Համաձայնագրին եւ 1995-ի Փետրուար 6-ի հրադադարի ամրապնդման մասին Համաձայնագրին:

Կրակի լիակատար դադրեցման մասին Համաձայնագրի գործունութիւնը կը հաստատէ, որ կարգաւորման գործընթացին մէջ իրական յաջողութեան հասնիլ հնարաւոր է բանակցութիւններու լիարժէք եռակողմ ձեւաչափով, որ, միջազգային իրաւունքի համաձայն, հաշուի կ՛առնէ հակամարտութեան բոլոր կողմերուն շահերն ու  մտահոգութիւնները: Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը գտնէ, որ հակամարտութեան կարգաւորմանն անհրաժեշտ խթան հաղորդելու համար հարկ է, մէկ կողմէ, վերսկսիլ ուղղակի եռակողմ բանակցութիւնները, միւս կողմէ, հետեւողականօրէն ամրապնդել հրադադարը, այդ ինչպէս նաեւ` անոր վերահսկման միջազգային մեքանիզմի ներդրման միջոցով, որ նախատեսուած է 2016-ի Վիեննայի եւ Ս․ Փեթերսպուրկի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններով: Կարեւոր է նաեւ վերականգնել հակամարտող ուժերու սահմանազատման գիծը, որ ռազմական գործողութիւններու դադրեցման ժամանակ երեք կողմերու միջեւ համաձայնեցուած եւ ամրագրուած է Ռուսիոյ Պաշտպանութեան նախարարութեան միջնորդութեամբ` որպէս հրադադարի բաղկացուցիչ մաս:

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը վերահաստատէ պաշտօնական Ստեփանակերտի հաւատարմութիւնը հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ կարգաւորման եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ կ՛ընէ հրաժարելու ատոր ուժային լուծման անհեռանկարային քաղաքականութենէն, որ առիթ պիտի տայ անշրջելի դարձնել խաղաղ գործընթացը եւ տեւական խաղաղութիւն ու կայունութիւն հաստատել Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ»: