Պրիւքսէլի Մէջ Կարճատեւ հանդիպում Ունեցան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարները

Աշխարհ, Հայաստան

Պրիւքսելի մէջ Արեւելեան գործընկերութեան 10-ամեակին նուիրուած նախարարական հանդիպման ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Զոհրապ Մնացականեանի եւ Էլմար Մամետեարովի կարճատեւ հանդիպումը: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ ԱԳՆ մամուլի խօսնակ Աննա Նաղտալեան:

«Կայացաւ կարճ հանդիպում գագաթնաժողովի ծիրէն ներս: Նախարարները իրարու ձեռք սեղմեցին: Հայկական եւ ատրպէյճանական պատուիրակութիւններու պաշտօնական բանակցութիւններ ծրագրուած չեն»,- ըսաւ Նաղտալեան:

Պրիւքսել կը գտնուի նաեւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: ՀՀ վարչապետը Եւրոպական խորհուրդի շէնքին մէջ պիտի մասնակցի Արեւելեան գործընկերութեան տասնամեակին նուիրուած պաշտօնական ընթրիքին, որ պիտի տրուի Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տոնալդ Թուսքի անունէն: