Արուեստագէտ Գրիգոր Ակոբեանի Ալպոմի Մակագրութիւն Եւ Անհատական Հաւաքածոյի Ցուցահանդէսը Պէյրութի Մէջ

Սփիւռք

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսին եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին երէկ` Հինգշաբթի, 9 Մայիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, տեղի ունեցաւ Գրիգոր Ակոբեանի ալպոմի մակագրութիւնը եւ իր անհատական հաւաքածոյին ցուցահանդէսը: Ցուցադրուած էին 98 աքրելիք եւ խառն թեքնիք պաստառներ, որոնք Ակոբեանի անձնական հաւաքածոյին մաս կը կազմէին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազդակ»-ը։

«Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն յիշատակելի առիթ նկատեց սոյն նախաձեռնութիւնը, որովհետեւ Ակոբեանի աւելի քան 50 տարիներու ստեղծագործական աշխատանքին ցուցահանդէսն է: «Յիսուն տարիներ համակ նուիրում, հաւատարմութիւն, իր գործին հանդէպ անկեղծութիւն, ելեւէջներ կեանքին մէջ եւ ահաւասիկ այսօր կը ներկայանայ իր տիտանային գործով, իր հսկայական թիւով ցուցահանդէսներու արգասիքը հանդիսացող աշխատանքներով, նաեւ տակաւին միշտ նորոգուելու կամքով ու դէպի առջեւ նայելու վճռակամութեամբ», հաստատեց Հաւաթեան` աւելցնելով, որ ինք ծանօթացած է արուեստագէտին ցուցասրահի հիմնադրութեան առաջին իսկ օրէն եւ տասը տարիէ կը գործակցի իրենց հետ` աւելցնելով, որ Ակոբեան այլ արուեստագէտներու շարքին իր ներդրումը ունեցաւ լիբանանահայ գեղանկարչական ասպարէզին մէջ: Հաւաթեան ըսաւ, թէ Ակոբեան բծախնդիր եւ կարգապահ արուեստագէտ մըն է, նաեւ կեանքին նկատմամբ ունի պայծառ պատկերացում եւ բոլոր դժուարութիւնները ժպիտով յաղթահարելու վճռակամութիւն, եւ իր արուեստը կը ժպտայ մեզի, կ՛ազնուացնէ մեր հոգիները, կը գեղեցկացնէ մեր միջավայրը:

Եզրափակելով իր խօսքը` Հաւաթեան իր հպարտանքը յայտնեց, որ տասնամեակ մը ինք գործակցած է նուիրեալ արուեստագէտներու հետ եւ անոնց ճամբով իր գեղարուեստական ճաշակը կրցած է յղկել: Հաւաթեան նաեւ հաստատեց, որ ծրագիրի յաջողութեան` ալպոմի հրատարակման մէջ իրենց դերակատարութիւնը ունեցան Շահէ Խաչատուրեան եւ Նշան ու Սրբուհի Պապիկեաններ, որոնց խորին շնորհակալութիւն յայտնեց:

Գրիգոր Ակոբեան անգլերէնով արտասանած իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր իր հովանաւորութեան համար, Շահէ Խաչատուրեանին եւ Նշան ու Սրբուհի Պապիկեաններուն` ալպոմի հրատարակութեան գծով իրենց մեկենասութեան համար, նաեւ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի անձնակազմին` գործակցութեան համար: Ակոբեան ըսաւ, թէ ինք ներկայացած է 60 տարուան իր անձնական աշխատութիւններով եւ բացատրութիւն տուաւ կարգ մը պաստառներու իր աշխատութեան մասին:

Ցուցահանդէսի եզրափակիչ խօսքը ուղղեց սրբազան հայրը, որ նախ եւ առաջ իր գնահատանքը յայտնեց Համազգայինին, որ նման ցուցահանդէսներով կը հարստացնէ մեր մշակութային կեանքը` աւելցնելով, որ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը անգամ մը եւս լուսարձակի տակ կը բերէ արժէքաւոր արուեստագէտ մը` Գրիգոր Ակոբեանը` աւելցնելով, որ արուեստագէտ եւ գործ զիրար կ՛ամբողջացնեն եւ պատճառ կը դառնան, որ մենք հաղորդուինք այդ ստեղծագործութեամբ եւ մեր կարգին կարենանք վայելել այդ արուեստը: Եզրափակելով իր խօսքը` առաջնորդ սրբազանը մաղթեց, որ Ակոբեան միշտ շարունակէ ստեղծագործել, ճոխացնել հայ գեղանկարչութիւնը եւ իրեն սերնդակից ու անոնց յաջորդող հայորդիները ընթանան կոչումի, տաղանդի եւ նուիրումի նոյն ճամբէն, որպէսզի մենք միշտ բարձր պահենք մեր հայու գլուխը օտար արուեստագէտներու շրջանակին մէջ եւ միշտ մեր մշակոյթով կարենանք հպարտանալ եւ նման ցուցահանդէսներով միշտ պատուել մեր արուեստագէտները:

Գեղարուեստական բաժինով իր մասնակցութիւնը բերաւ ջութակահար Լիւսի Ջամսարեան:

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ Շաբաթ, 25 Մայիս 2019, ամէն օր առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:30: