Փորթուկալի Խորհրդարանը Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Աշխարհ, Սփիւռք

Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութեան խորհրդական Պետօ Տէմիրճեան «Ֆէյսպուք»ի իր էջին միջոցով կը տեղեկացնէ, որ 2019ի Ապրիլ 26ին Փորթուկալի խորհրդարանը բանաձեւ ընդունած է՝ ճանչնալով Հայոց Ցեղասպանութիւնը: