Չինական Ընկերութիւնը Հայաստանի Գիւղերէն Մէկուն Մէջ 3-4 Միլիոն Տոլար Ներդրումով Ջուրերու Գործարան Պիտի Կառուցէ

Աշխարհ, Հայաստան

Չինական «Նիւ Իդա» ընկերութիւնը Լոռիի Կաթնաղբիւր գիւղին մէջ 60 աշխատատեղ ունեցող ջուրերու գործարան պիտի կառուցէ: Ըստ «Արմենփրես»-ի՝ այս մասին ըսած է «Մէկ գօտի, մէկ ճանապարհ» միջազգային երկրորդ գագաթնաժողովի ծիրէն ներս Չինաստան ժամանած լոռիի մարզպետ Անտէ Ղուկասեան:

«Չինաստանի հետ առաջին համագործակցութիւնը Լոռիի մարզը արդէն ունի: Կաթնաղբիւր համայնքին մէջ կան բնական աղբիւրներ եւ չինացի փորձագէտները, հետազօտելով ջուրը, գնահատած են որակը եւ այնտեղ պիտի կառուցեն գործարան: Արտադրանքը ամբողջութեամբ պիտի արտահանուի: Սկիզբը պիտի ստեղծուի մօտ 60 աշխատատեղ, իրենք կազի խողովակաշար պիտի կառուցեն եւ ճանապարհը, որ նաեւ յետագային գիւղը պիտի օգտագործէ: Ներդրումը պիտի կազմէ 3-4 միլիոն տոլար»,- ըսած է Ղուկասեան` աւելցնելով, որ մարզպետարանը պիտի փորձէ արագացնել այդ գործընթացը:

Ան յայտնած է, որ ընկերութեան տնօրէնը իրենց հետ Հայաստանէն եկած է Չինաստան, որպէսզի ուղեկցի եւ իր օրինակով խրախուսէ միւս չինացի գործարարները:

«Մէկ գօտի, մէկ ճանապարհ» գագաթնաժողովի ծիրէն ներս Անտրէ Ղուկասեան մասնակցած է տարածաշրջանային համաժողովին: Մարզպետը նաեւ յուշագիր պիտի ստորագրէ Չինաստանի Շանսի նահանգին հետ:

«Լոռիի մարզը Չինաստանի Շանսի նահանգը 2011-էն քոյր մարզեր են: Կայացած են երկկողմ հանդիպումներ եւ այցելութիւններ: Հիմա նոր թափ կը փորձենք հաղորդել այդ յարաբերութիւններուն»,- ըսած է Ղուկասեան:

Մարզպետը նաեւ պիտի այցելէ Շանսի նահանգի Թայուան քաղաք եւ այնտեղ պիտի ունենայ հանդիպումներ տեղի իշխանութիւններուն եւ գործարարներու հետ:

«Խնդրած ենք նաեւ հրաւիրել նահանգի չինացի գործարարները: Այդ նպատակով մեզի հետաքրքրող ոլորտները նշած ենք, որպէսզի այդ ոլորտի ներկայացուցիչներու հետ հանդիպինք եւ ներկայացնենք Լոռիի մարզի հնարաւորութիւնները: Մեր մարզը ունի 5 գերակայ ճիւղ` թեթեւ արդիւնաբերութիւն, զբօսաշրջութիւն, գիւղատնտեսութիւն, ինչպէս նաեւ հանքարդիւնաբերութիւն»,- ըսած է Ղուկասեան:

Մարզպետը դրական ակնկալիքներ ունի այդ հանդիպումներէն եւ նշած, որ գործարարներուն պիտի հրաւիրէ Լոռի` տեղւոյն վրա ծանօթանալու մարզի հնարաւորութիւններուն:

«Մենք արդէն իսկ ունեցած ենք երկու հանդիպում հայ, ռուս եւ չինացի գործարարներու հետ: Բաւական ներկայացուցչական կազմ ընդգրկած էր չինական կողմը` մօտ 10-15 ներկայացուցիչ, որոնք կը զբաղին յստակ ոլորտներով եւ կը զբաղեցնեն բաւական բարձր պաշտօններ այդ ընկերութիւններուն մէջ: Այդ օղակը նոյնպէս պէտք է օգտագործենք»,- եզրափակած է Ղուկասեան:

Կարէն Խաչատրեան