Հրաչ Մուրատեանի Սպանութեան Գործի Վարոյթը Վերսկսած է. ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ Ներկայացուցիչ

Հայաստան

Ապրիլ 2-ին լրացաւ Կոտայքի մարզի Պռոշեան համայնքի ղեկավար, Արցախեան ազատամարտի հերոս Հրաչ Մուրատեանի դաւադիր սպանութեան 6-րդ տարելիցը: Այդ օրը, ՀՀ գլխաւոր դատախազութեան առջեւ, ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ-ն կազմակերպեց բողոքի ցոյց` պահանջելով վերսկսել Հրաչ Մուրատեանի սպանութեան քրէական գործին վարոյթը: ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցան ՀՀ գլխաւոր դատախազ Արթուր Դաւթեանի հետ` պահանջելով գործի բազմակողմանի, ամբողջական եւ արդար քննութիւն:

«Հանդիպումէն անցած է տասը օր, ի՞նչ ձեռնարկուած է դատախազութեան կողմէ» հարցով yerkir.am-ը դիմած է ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեանին: Վերջինս յայտնած է, որ կրկին հանդիպած են ՀՀ գլխաւոր դատախազին հետ, որ տեղեկացուցած է, որ դատախազութիւնը որոշում կայացուցած է վերսկսելու քրէական գործին վարոյթը. առկայ են գործին առնչուող նոր տեղեկութիւններ, որոնք կը նպաստեն գործի քննութիւնը նոր թափով վերսկսելուն:

Իշխան Սաղաթելեան մէկ անգամ եւս ընդգծեց, որ ՀՅԴ ԳՄ-ն հետեւողական եւ պահանջատէր պիտի ըլլայ, որ հանրային լայն հնչեղութիւն ստացած այդ յանցագործութիւնը բացայայտուի, եւ մեղաւոր անձերը պատասխանատւութեան ենթարկուին: Պահանջը մշտապէս պիտի ըլլայ ՀՅԴ վերահսկողութեան ներքոյ: