Աւագ Չորեքշաբթի

Այլեւայլ

Աւագ Չորեքշաբթին յիշատակն է արարչութեան չորրորդ օրուան, երբ Աստուած լուսատուներ դրաւ երկնքի հաստատութեան մէջ եւ ատով տուեցաւ Արդարութեան Արեգակի` Քրիստոսի ծննդեան աւետիսը: Աւագ Չորեքշաբթին պատկերն է չորրորդ ժամանակաշրջանի, երբ Աբրահամը ստացաւ Իսահակի ծննդեան աւետիսը (Ծննդ. 17), հրէաները Եգիպտոսէն դուրս եկան (Ելք 12:14), Վկայութեան խորանը պատրաստուեցաւ (Ելք 25-27), եւ Իսրայէլի որդիները Աւետեաց երկիր փոխադրուեցան (Յեսու 1-19):

Այսօր կը յիշատակուի Բեթանիոյ մէջ կնոջ կողմէ Յիսուս Քրիստոսի օծումը եւ Տիրոջ մատնութիւնը: