Հայաստան Պատրաստ է Սուրիոյ Մէջ Գործակցելու ՄԱԿ-ի Հետ

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանը պատրաստակամ է Սուրիոյ մէջ իր մարդասիրական առաքելութեան գործողութիւնները համադրել ՄԱԿ-ի կառոյցներու աշխատանքներուն հետ:

Այդ մասին ըսած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տոնոյեան` ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագրի մշտական ներկայացուցիչ Տմիթրի Մարեասինի հետ հանդիպման ժամանակ:

«Նախարարը ներկայացուցած է Սուրիոյ մէջ հայկական մարդասիրական առաքելութեան մանրամասնութիւնները եւ յայտնած գործողութիւնները ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագրի կամ այլ կառոյցներու աշխատանքներուն հետ համադրելու եւ համակարգելու` հայկական կողմին պատրաստակամութիւնը», – ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: