Հայ-Ֆրանսական Կապերը Պիտի Համալրուին Նոր Նախաձեռնութիւններով

Աշխարհ, Հայաստան

Հայ-ֆրանսական համագործակցութեան շարունակականութիւնը պիտի ապահովուի նոր նախաձեռնութիւններու միջոցով:

ՀՀ ԱԳՆ փոխանցմամբ, այս հարցը Փարիզի մէջ քննարկած են ԱԳ նախարար Զոհրապ Մնացականեան ու Ֆրանսայի` Եւրոպայի եւ արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիան:

Անոնք նշած են, որ «երկկողմ օրակարգի աւանդական` քաղաքական, առեւտրատնտեսական, գիտակրթական, մշակութային ուղղութիւններուն աւելցած է նաեւ համագործակցութիւնը մեծ ներուժ ունեցող բարձր արհեստագիտութիւններու, նորարարութեան եւ ստեղծագործ կրթութեան բնագաւառներուն մէջ»:

Կարեւոր նկատուած է նաեւ Ֆրանսայի մէջ հայկական համայնքի կամրջող դերակատարութիւնը երկու բարեկամ երկիրներու կապերը աւելի ամրապնդելու համար։