Փաշինեան Յաջողութեամբ Անցաւ Քաղաքական Առաջին Քննութիւնը Միջազգային Ասպարէզի մէջ

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» (www.TheCaliforniaCourier.com) թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան

Անցեալ շաբաթ, Ֆրանսայի Սթրազպուրկ քաղաքին մէջ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ առաջին անգամ՝ ելոյթ ունեցաւ Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին (ԵԽԽՎ):

Փաշինեան տպաւորիչ ելոյթ ունեցաւ 47 եւրոպական երկիրներու ներկայացուցիչներուն առջեւ։ Աւելի տպաւորիչ էր վարչապետի պատասխանները անոնց տասնեակ հարցերուն։ Մինչ ելոյթը նախապատրաստուած էր, հարցերը յանպատրաստից էին եւ պատասխանները պէտք է տրուէին տեղւոյն վրայ։

Փաշինեան իր ելոյթը սկսաւ շնորհակալութիւն յայտնելով Եւրոպայի Խորհուրդին՝ քանի մը անգամ զինք փրկելու համար Հայաստանի նախորդ վարչակազմի կողմէն բանտարկուելէն կամ ազատազրկման ժամկէտը կրճատելուն համար։ Ան հետապնդուած է «Օրագիր» թերթին մէջ իբրեւ խմբագիր քանի մը յօդուածի հրապարակման համար։

Այնուհետեւ, Հայաստանի վարչապետը թուարկեց իր երկրին ժողովրդավարական տպաւորիչ յաջողութիւնները, որոնք ձեռք բերուած են անցեալ տարուան «Թաւշեայ յեղափոխութենէն» ետք։

Օգտուելով հնարաւորութենէն, Փաշինեան քննադատեց ԵԽԽՎ անդամները Արցախի ժողովրդավարական զարգացումներուն չաջակցելու համար: Թէեւ «Լեռնային Ղարաբաղը դեռ միջազգայնօրէն ճանչցուած չէ իբրեւ անկախ պետութիւն, միթէ՞ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ապրող մարդոց մարդ ըլլալուն վերաբերեալ միջազգային բանավէճ կայ», հարցուց Փաշինեան:

Ի պատասխան կաշառակերութեան մասին Ֆրանսայի խորհրդարանական Տալոզի հարցին՝ Փաշինեան ըսաւ. «ամենամեծ բանը, որ պէտք է ընեմ անձամբ կաշառակերութեան դէմ պայքարելու համար՝ կաշառակերութեան մէջ չներքաշուիլն է․․․․ առաջինը ես, իմ ընտանիքս, հարազատներս այս առումով պէտք է ըլլան առանձնայատուկ ուշադրութեան տակ: Ես շատ կարեւոր կը համարեմ, որ թափանցիկութիւնը այսօր Հայաստանի մէջ կարեւորագոյն հիմնարկներէն մէկն է, որ չեմ ըսեր, թէ 100 տոկոսով կայացած է, բայց մեծ քայլերով առաջ կ՝երթայ: Կ՝ուզեմ ըսել, որ ընդամէնը 10 օր առաջ իմ մերձաւոր ազգականներէն մէկուն նկատմամբ յարուցուած է քրէական գործ: Չեմ ուզեր անոր անմեղութեան կանխաւարկածը խախտել, բայց այս փաստը եւ այն, որ գործը կը քննուի լիարժէք օրինականութեան եւ արդարութեան պայմաններու մէջ․․․․»։

Ատրպէյճանէն Աղաեւան հարցուց, թէ Հայաստանը ե՞րբ պիտի կատարէ միջազգային կազմակերպութիւններուն բանաձեւերն ու փաստաթուղթերը Արցախի վերաբերեալ։ Իր պատասխանին մէջ՝ Փաշինեան կոչ ըրաւ «Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչներու մասնակցութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին, որովհետեւ շատ դժուար է հասկնալ, թէ մենք ինչպէս կը պատրաստուինք հարցը կարգաւորելու՝ առանց հակամարտութեան առաջնային եւ հիմնական կողմը լսելու, առանց անոր հետ խօսելու: Ինչպէս ելոյթիս մէջ ըսի         ՝ մեր քայլերը ուղղուած են անոր, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահութեան շրջանակներուն մէջ վերականագնենք երկխօսութիւնը Ատրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ: Շատերը չեն գիտեր, բայց նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ տեղի ունեցած է ուղիղ հանդիպում: Այդ փորձը եղած է, Լեռնային Ղարաբաղի ընտրուած ներկայացուցիչները, ըստ էութեան, միշտ ներգրաւուած եղած են բանակցային գործընթացին մէջ, սովորաբար կ՝ըսեն, թէ մինչեւ 1998 թուականը, բայց ես կրնամ ըսել, որ մինչեւ 2018 թուականը Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչները ներկայ եղած են բանակցային գործընթացին: Եկէք չմոռնանք, որ Ռոպերթ Քոչարեանը Հայաստանի նախագահ դառնալէն առաջ եղած է Լեռնային Ղարաբաղի ընտրուած նախագահը, անկէ ետք Սերժ Սարգսեանը ներկայացուցած է Հայաստանը, բայց ան եղած է նաեւ Ղարաբաղի առաջնորդներէն մէկը: Եւ մենք, ըստ էութեան, ունինք  վիճակ մը, երբ Լեռնային Ղարաբաղը՝ բանակցային ողջ գործընթացին ընթացքին՝ ներկայացուած եղած է բանակցային սեղանի շուրջ: Այսօր մեր խնդիրն է ստեղծել պայմաններ, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկխօսութիւնը չընդհատուի․․․․»:

Ի պատասխան Սլովենիոյ Թոմիչի՝ Հայաստանի մէջ ԼԳԲՏ համայնքի իրաւունքներու մասին հարցին՝ Փաշինեան պատասխանեց․ «Հայաստանի մէջ օրէնքի գերակայութիւն է, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ բոլոր քաղաքացիները ունին նոյն իրաւունքներն ու պարտականութիւնները»:

Թուրքիոյ ներկայացուցիչ Այտինը իր մտահոգութիւնը յայտնեց Փաշինեանի վերջին յայտարարութիւններուն մասին՝ Արցախի շուրջ բանակցութիւններու ձեւաչափի փոփոխման վերաբերեալ՝ «Սփիւռքի եւ երկրի մէջ վերնախաւերու ճնշման ներքոյ»։ Փաշինեան կրկնեց այն պատասխանը, որ տուած էր Ատրպէյճանի պատգամաւորի հարցին, աւելցնելով, որ «ես արդէն իսկ բացատրեցի, որ մենք բացարձակապէս ոչ կ՝ակնկալենք, ոչ ալ կը պահանջենք բանակցային ձեւաչափի փոփոխութիւն․․․․ Ինչպէ՞ս կը պատկերացնենք, որ կրնայ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը կարգաւորուիլ առանց Լեռնային Ղարաբաղի ներգրաւուածութեան։ Շատ յաճախ կ՝օգտագործուի «գրաւում» բառը, բայց այն մարդիկ, որոնք այսօր կ՝ապրին Ղարաբաղի մէջ, այդ մարդիկ ծնած են Ղարաբաղի մէջ, ապրած են Ղարաբաղի մէջ, անոնց պապերը ապրած են Ղարաբաղի մէջ, անոնց պապերուն պապերը ապրած են Ղարաբաղի մէջ, անոնց պապերու պապերուն պապերը ապրած են Ղարաբաղի մէջ եւ դեռ կրնանք շատ շարունակել: Ինչպէ՞ս կրնայ մարդը գրաւել այն տարածքը, ուր ինքը ծնած է, ուր իր զաւակը ծնած է, եւ ուր յուղարկաւորուած են իր նախնիները․․․․ Ես վերջերս նոյնիսկ հանդէս եկած եմ հաւանաբար շատ տարօրինակ թուացող նախաձեռնութիւններով: Ասուլիսի ժամանակ հրապարակային հռետորական հարց տուի՝ արդեօք, օրինակ, Ատրպէյճանի նախագահը կամ ղեկավարութիւնը ըսելու բան չունի՞ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի ժողովուրդին: Ես, օրինակ, պիտի ուզէի ունենալ հնարաւորութիւն դիմելու Ատրպէյճանի ժողովուրդին եւ խօսելու անոր հետ: Ի հարկէ, հիմա ալ կրնամ, բայց ես չեմ ուզեր, որ ատիկա ըլլայ, այսպէս կոչուած, միակողմանի եւ յանկարծ որեւէ կերպ չընկալուի իբրեւ սադրիչ քայլ: Ես կ՝ուզեմ, որ այս խօսակցութիւնը կառավարութիւններու, ժողովուրդներու, հանրութեան, երիտասարդներու միջեւ սկսի եւ տեղի ունենայ, որովհետեւ մեր օրակարգը խաղաղութեան օրակարգ է եւ մենք ձեւաչափի փոփոխութեան հարց չենք դներ»։

Ուքրանիայէն Արիեւի հարցին վերաբերեալ, թէ «որո՞ւն կը պատկանի Ղրիմը», Փաշինեան պատասխանեց «․․․․մենք յաճախ կը յայտնաբերենք, որ մեր բարեկամները կը գտնուին հակամարտութեան տարբեր կողմերու վրայ, եւ շատ դժուար է մեզի համար ընտրութիւն կատարել բարեկամի եւ բարեկամի միջեւ։ Երբեմն ստիպուած կ՝ըլլաս այդպիսի ընտրութիւն կատարելու, բայց մեր ընտրութիւնը, համաշխարհային ընտրութիւնը խաղաղութիւնն է, երկխօսութիւնը,  կայունութիւնն ու զարգացումը»։

Պատասխանելով Լիթվիայէն Մասիուլիսի վերջին հարցին, թէ արդեօք Հայաստանը աւելի եւրոպամէտ եւ պակաս ռուսամէտ պիտի ըլլա՞յ, Փաշինեան ըսաւ. «Ես դեռ ընդդիմադիր ժամանակներէն յայտարարած եմ, որ չեմ ընդունիր, որ Հայաստանի մէջ եւ ընդհանրապէս որեւէ պետութեան մէջ պէտք է ըլլան ռուսամէտ, եւրոպամէտ, ամերիկամէտ քաղաքական ուժեր եւ գործիչներ։ Ես զիս կը համարեմ հայաստանամէտ գործիչ: Եւ կը կարծեմ, որ ֆրանսացի գործիչները պէտք է ըլլան ֆրանսամէտ, ուքրանացիները՝ ուքրանիամէտ, ռուսերը՝ ռուսամէտ․․․»։

Հայաստանի վարչապետը հմտօրէն պատասխանեց բոլոր հարցերուն, իսկ երբեմն խելացիօրէն խուսափեցաւ պատասխանելէ անոնց։ Ասիկա իր քաղաքական ձեռնհասութեան առաջին քննութիւնն էր միջազգային ասպարէզի մէջ, որ ան անցաւ մեծ յաջողութեամբ․․․

 

Թարգմանութիւնը կատարեց Ռուզաննա Աւագեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց ԵՌԱԳՈՅՆ-ը