Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-հիմննարկ Հիմնադրամը Հանդէս Պիտի Գայ Հետաքրքրական Նախաձեռնութիւններով

Հայաստան, Սփիւռք

Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ հիմնադրամը՝ տարուան ընթացքին՝ կը նախատեսէ իրականացնել միջազգային գիտաժողովներ, հրատարակել ցեղասպանագիտական հանդէսներ, իրականացնել մեթոտական սեմինարներ, ժամանակաւոր եւ հիմնական ցուցադրութիւններ:

Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, Ապրիլ 17-ին լրագրողներու հետ հանդիպման մը ընթացքին ըսած է Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ հիմնադրամի տնօրէն, պատմական գիտութիւններու դոկտոր Յարութիւն Մարութեան:

«Նպատակս է կարգաւորել թանգարան-հիմնարկի աշխատանքները եւ անոնց նոր լիցք հաղորդել: Իմ պաշտօնավարման կարճ ժամանակահատուածին թանգարան-հիմնարկին մէջ տեղի ունեցած են մասնաւորապէս կառուցուածքային փոփոխութիւններ. յստակացած են բաժիններու գործառոյթները, ձեւաւորուած են նոր բաժիններ: Այսօր թանգարանին մէջ կայ երեք գիտահետազօտական բաժին` յուշագրութիւններու, վաւերագրի եւ մամուլի ուսումնասիրութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու փաստագրման եւ տուեալներու հաւաքագրման, համեմատական ցեղասպանագիտութեան բաժին»,- նշած է ան:

Անդրադառնալով գիտահետազօտական աշխատանքներուն՝ Մարութեան ըսած է, որ ձեւաւորուած է նոր գիտահետազօտական խորհուրդ: Աւելի քան մէկ տարի գիտական խորհուրդը չէ գործած, սակայն հիմա արդէն իսկ իրականացած է երկու նիստ:

Խօսելով հանդէսներուն մասին` տնօրէնը յիշեցուցած է, որ ցեղասպանագիտական հանդէս-պարբերականը, որ կը հրատարակուի տարին երկու անգամ, 2018-ին լոյս չէր տեսած: «Մենք մէկ ելեկտրոնային տարբերակ հրատարակած ենք նախորդ տարուան վերջը, իսկ թղթային տարբերակով՝ քանի մը շաբաթ առաջ: Այս տարի եւս երկու ցեղասպանագիտական հանդէս պիտի հրատարակենք, մէկը` անգլերէն: Այդ ամսագրերը համապատասխանեցուցած ենք միջազգային չափանիշներուն»,- շեշտած է ան:

Թանգարանը կը նախատեսէ, տարուան ընթացքին, իրականացնել առնուազն մէկ միջազգային գիտաժողով: Այս տարուան Նոյեմբերին պիտի կազմակերպուի «Հայոց փրկութեան գործը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ. 1915-23 թուականներ» միջազգային գիտաժողովը:

Յաջորդ տարի պիտի իրականացուի միջազգային գիտաժողով Գանատայի մարդու իրաւունքներու թանգարանին եւ լեհական Փիլեգի ուսումնարանին հետ համագործակցութեամբ:

Յարութիւն Մարութեան կարեւոր համարած է գիտացուցադրական աշխատանքները եւ նշած, որ  նախորդ տարի եղած է հինգ ժամանակաւոր ցուցադրութիւն: «Կը նախատեսենք Ապրիլ 23-ին բանալ «Հայոց Ցեղասպանութեան 150-ամեայ վկաները. Կոմիտաս Վարդապետ եւ Յովհաննէս Թումանեան» խորագրով ցուցահանդէսը, գիտաժողովներու դահլիճին կից, նախասրահին մէջ, պիտի ստեղծենք մշտապէս գործող փոքր պատկերասրահ, ուր պիտի ցուցադրենք ֆրանսահայ գեղանկարիչ Ժանսեմի աշխատանքները, որոնք ան նուիրած է թանգարանին»,- յայտնած է տնօրէնը:

Ան տեղեկացուցած է, որ նպատակ ունին թանգարանին մէջ նոր ուղղութիւն` օսմանագիտութիւն մտցնելու: «Գաղտնիք չէ, որ ցեղասպանութեան վերաբերող փաստաթուղթերուն մեծ մասը օսմաներէն է: Հայաստանի մէջ քիչ մասնագէտներ կան, որոնք կը կարդան ձեռագիր օսմաներէն: Մենք պիտի փորձենք՝ մասնագէտներու միջոցով՝ հասկնալ առկայ արխիւային նիւթերուն շրջանակը, յետոյ ձեռնամուխ ըլլալ անոնց թարգմանութեան ու հանրութեան լայն շրջանակին ներկայացնելուն»,- եզրափակած է Յարութիւն Մարութեան:

Նշենք, որ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը 2017 թուականի Դեկտեմբերէն՝ ՀՀ կառավարութեան որոշումով՝ դարձած է հիմնադրամ: Թանգարանը կը կառավարուի հոգաբարձուներու խորհուրդին կողմէ, որ 15 անդամ ունի: Խորհուրդի նախագահն է ֆրանսահայ յայտնի պատմաբան եւ ցեղասպանագէտ Ռայմոնտ Գէորգեան: Հոգաբարձուներու խորհուրդին մէջ չկան գործարարներ:

Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ հիմնադրամին մէջ, այսօր,  կ՝աշխատի 82 մարդ: