Անօթեւան 44 Ընտանիքներու Համար Տուներ Կը Կառուցուին

Հայաստան

Ապրիլ 16-ին, աղէտի գօտիի բնակավայրերու երկրաշարժի հետեւանքով անօթեւան մնացած ընտանիքներու բնակարանային հարցերու լուծման նպատակով, պետական աջակցութեամբ իրականացուող շինարարական աշխատանքները մեկնարկած են Լեռնապատ գիւղի բնակիչ Արամայիս Եսայեանի տան շինարարութեամբ:

Ծրագրին մեկնարկին ներկայ եղած են տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Սուրէն Պապիկեան, քաղաքաշինութեան կոմիտէի նախագահ Վահագն Վերմիշեան, Լոռիի մարզպետ Անտրէ Ղուկասեան, «Ֆուլեր տնաշինական կենտրոն» Բարեգործական հասարակական կազմակերպութեան աշխատակիցներ՝ նախագահ Աշոտ Եղիազարեանի գլխաւորութեամբ:

Կառավարութիւնը 458 միլիոն դրամ յատկացուցած է մարզի 13 գիւղական համայնքներու մէջ 44 բնակելի տուներու կիսակառոյցները աւարտին հասցնելու նպատակով:

«Այսօր նշանակալի օր է մեր մարզին համար. կը մեկնարկէ Լոռի մարզի աղէտի գօտիի գիւղական բնակավայրերու շահառու ընտանիքներու՝ բարձր պատրաստուածութիւն ունեցող թիւով 44 տուներու շինարարութիւնը: Մենք այժմ կը գտնուինք Լեռնապատ համայնքի բնակիչ, ծրագրի շահառուներէն մէկուն պատկանող անաւարտ շինութեան մօտ: Վստահ ենք, մեր գործընկեր «Ֆուլեր տնաշինական կենդրոն» բարեգործական հասարակական կազմակերպութիւնը, որ ստանձնած է այդ տուներու շինարարութիւնը, միայն իրեն յատուկ բարձր որակով եւ շահառու ընտանիքներու հետ կնքուած պայմանագիրներով նախատեսուած ժամանակահատուածին աւարտին պիտի հասցնէ այդ տուներու շինարարութիւնը: Կը շնորհաւորեմ շահառու ընտանիքները եւ մեզ բոլորս այս կարեւոր մեկնարկի առիթով», յայտնած է Լոռիի մարզպետը:

Նշենք, որ ծրագիրը իրականացնելու համար, կառավարութիւնը կը համագործակցի «Ֆուլեր տնաշինական կենտրոն» բարեգործական հասարակական կազմակերպութեան հետ: